
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իր ստեղծագործական գործունէութեան 40ամեակին առիթով նշանաւոր երգչուհի Մարգարիտ Շահինեան 11 Մարտին հանդէս պիտի գայ յոբելեանական համերգով մը, Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ։
9 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Մարգարիտ Շահինեան նշեց, որ Սփիւռքի մէջ իր մշակութային գործունէութեան պատճառով երկար ատենէ բացակայ էր Հայաստանէն։
«Լոս Անճելեսում ամբողջ գործունէութեանս ընթացքում համագործակցել եմ համայնքի մշակութային կեանքին, դասախօսել Լոս Անճելեսի Մաշտոցի անունը կրող համալսարանում», ըսաւ ան:
Շահինեանը նշեց, որ Սփիւռքի մէջ հաստատած է «Սայաթ Նովա» մշակութային կեդրոնը, ուր ուսած են հայ երաժշտութեամբ հետաքրքրուողներ։ «Ես բացակայեցի, բայց հայ համայնքի համար մեծ աշխատանք կատարեցի: Գուցէ աւելի շատ աշխատանք, քան կ՛անէի իմ հայրենիքում», դիտել տուաւ նա:
Անդրադառնալով ռապիզ երաժշտութեան՝ երգչուհին նշեց, որ այս երեւոյթը աւելի լայն տարածում գտած է եւ քաջալերուած է Հայաստանի մէջ, քան՝ Սփիւռքի, ուր մեծահասակները, գիտակցելով իրենց մշակութային արժէքներուն՝ ռապիզ համերգները երբեք չեն քաջալերեր։
«Չնայած այսօր երաժշտական-մշակութային կեանքը մեծ հոգատարութեան կարիք ունի, սակայն ես ուրախ եմ, որ կան երիտասարդներ, ովքեր այնուամենայիւ այս մշակութային խառնիճաղանճի մէջ կապուած են հայ մշակոյթի, հայ երգի հետ», եզրափակեց ան: