Ղարաբաղեան-ատրպեճանական սահմանին բաւական մօտ՝ քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Չինարի գիւղի դպրոցականները յաճախ իրենց դասերը կ՛ընդհատեն՝ ատրպեճանական կողմէն արձակուող կրակոցներուն պատճառով։
Ալբերը դպրոցի եօթներորդ դասարանի աշակերտ է: Ան յատկապէս շատ կը սիրէ երկրաչափութեան, հայոց պատմութեան ու բնագիտութեան դասերը: Քիմիագիտութեամբ շատ չէ հետաքրքրուած։ Բայց եւ այնպէս, այս դասանիւթը փոխանցող ուսուցիչի լուրջ հարց կայ, դպրոցի տնօրէն Ալբերտ Պապեանը խիստ մտահոգ է տիրող իրավիճակով։
«Տասը տարուց աւելի է՝ քիմիայի մասնագէտ չունենք, եւ ոչ մէկը, Չինարիի անունը լսելով՝ չի ուզում գալ», ըսաւ դպրոցի տնօրէն Ալբերտ Պապեանը:
Գիւղի բնակիչները կը փութան դպրոցի բակէն ջուրը տուն հասցնել, Ալբերն ալ տուն կը շտապէ, բայց՝ միւս օրուան դասերը պատրաստելու համար: Ան կ՛աշխատի միշտ բարձր նիշեր ապահովել, հակառակ անոր որ ինք գիտէ, թէ բոլոր նիշերն ալ աշակերտին համար են։ Եղբայրները պատմութիւնը լաւապէս կը սերտեն ու կը սորվին, բայց անոնք միայն դասագիրքով չեն ծանօթանար դրացի երկիրներուն։
«Տանը մենակ էի, հայրիկն ու տատիկը այգիներ էին գնացել, մայրիկն էլ տանը չէր: Կրակոցներ սկսուեցին, մի ուժեղ ձայն եկաւ, իմացայ՝ մօտակայքում ընկաւ: Երեկոյեան, որ բարձրանում էի քնելու, տեսայ փոշի է գետինը», ըսաւ Ալբերը:
Անոնց տունը ատրպեճանական սահմանէն 650 մեթր հեռու է։ Սահմանին աւելի մօտ է գիւղին մանկապարտէզը։ Գիւղապետին համաձայն, Չինարին եւ նման գիւղերը պէտք է կոչուին ո՛չ թէ սահմանամերձ, այլ՝ սահմանապահ, ինչպէս նաեւ ունենան բաւական առաւելութիւններ, այլապէս…
«Այսօր ինձ համար բաւական լուրջ խնդիր է համայնքի պահպանման խնդիրը: Համայնքը դատարկւում է, համայնքը ծերանում է: Եթէ նախկինում ունեցել ենք 1800 եւ աւելի բնակիչ, այսօր մնացել է 1000-1200: Եւ վիճակագրութիւնը ցոյց է տալիս, որ նման ձեւով շարունակուելու դէպքում, առաւելագոյնը 20-30 տարի յետոյ չի լինելու՝ որպէս համայնք», ըսաւ գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեան:
Սիւզաննան իր քրոջ հետ կը բնակի սահմանամերձ ուրիշ գիւղի՝ Բարեկամաւանի մէջ: Թէեւ անոնք տարեկից չեն, բայց նոյն դասարանի աշակերտ են: Սիւզաննան դպրոցի միակ երրորդ դասարանցին է: Անոր երկու միւս դասընկերներուն ընտանիքները տեղափոխուեցան այլ գիւղ, ինք մինակ մնալով՝ չորրորդ դասարանի աշակերտներուն միացաւ։
«Դասամիջոցներին դասարանից դուրս չէր գալիս, տխուր էր, մեկուսացել էր բոլորից, դրա համար որոշեցինք կոմպլեկտաւորել, ի հարկէ, շատ ծանր է այս դէպքում աշխատանքը եւ՛ ուսուցչի համար, եւ՛ աշակերտի», ըսաւ դասատու Ռուզաննա Ղազարեան:
Դասարաններու կազմութիւնը կը կատարուի կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումներուն համաձայն, այսինքն՝ պէտք է մէկ դասարանի մէջ նուազագոյնը 3-4 աշակերտ ըլլայ։ Դպրոցը ներկայ դրութեամբ ընդհանուր 34 աշակերտ ունի, այդ պատճառով ալ ուսուցիչները քանի մը նիւթ կը դասաւանդեն։
Մարիամը շուտով դպրոցը կ՛աւարտէ, ան կա՛մ տնտեսագէտ պիտի ըլլայ, եւ կամ անգլերէն լեզուի մասնագէտ, սակայն գործի առիթ չկայ, ո՞ւր պիտի աշխատի։
«Կ՛ուզէի գալ, գիւղում աշխատել, դպրոցում՝ որպէս ուսուցչուհի, բայց կարծում եմ, որ դպրոց չի լինի, աշակերտներ չեն լինի», նշեց Մարիամը:
Նոր ուսումնական տարեշրջանին Բարեկամաւանի դպրոցը պիտի ունենայ 6 աշակերտ, սակայն մինչ այդ, պատերուն վրայ կը շարունակեն աւելնալ կրակոցներուն հետքերը։