ԵՐԵՒԱՆ.- Կիներու միջազգային օրուան նախօրեակին՝ Մարտի 7ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նուիրուած բանակին մէջ ծառայող կիներուն։
Շնորհաւորելով կին զինուորական ծառայողներն ու ձեռնարկին ներկայ կին ազատամարտիկները՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատած է կիներուն դերակատարութիւնը Արցախեան պատերազմին ընթացքին եւ ներկայիս բանակին մէջ։
Պաշտպանութեան նախարարին հրամանով՝ Հայաստանի եւ Արցախի ազգային հերոսներու հարազատներ, խումբ մը կին զինուորներ, քաղաքացիական ծառայողներ եւ երեք զինուոր որդի ունեցող մայրեր ձեռնարկին ընթացքին պարգեւատրուած են «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժեր. 20 տարի» յոբելեանական յուշամետալով: