ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ իշխանութիւններէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող միջազգային «Anonymous» խմբաւորումը Չորեքշաբթի, Մարտ 7ին յարձակում գործած է Թուրքիոյ կառավարութեան համացանցային կայքին վրայ:
Ըստ թրքական աղբիւրներու, Թուրքիոյ կառավարութեան համացանցի մասնագէտները կրցած են դանդաղեցնել տեղեկատուութեան արտահոսքը: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, յարձակումը իրականացած է Չինաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգէն:
Նոյն օրը, խմբակը յարձակած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետի համացանցային կայքին վրայ, եւ խմբակը կրցած է կարճ ժամանակով մը գրաւել զայն, մինչեւ որ վարչապետարանի մասնագէտները վրայ հասնելով՝ կրցած են «ազատագրել» կայքը, ու ապա ապահովական յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրած են:
Յիշեցնենք, որ խմբակը կոչ ըրած էր Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ միաժամանակ սպառնալով յարձակումներու դիմել պետական կայքերու վրայ, եթէ այդ պահանջը չկատարուի: