ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կազմակերպութեամբ, 3 Մարտին տեղի ունեցած է «Ռոքն՝ ընդդէմ բռնութեան» խորագիրով համերգ, որուն ներկայ եղած են Վրաստանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ։
«Այդ օրերին մենք յիշում ենք ողբերգական իրադարձութիւնները, որոնք տեղի են ունեցել նախորդ դարավերջին, խորհրդային կայսրութեան փլուզմանը նախորդած եւ յաջորդած ժամանակահատուածում: Մասնաւորապէս՝ Սումկայիթում, Պաքւում եւ ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքում տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները», ըսած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան:
Ան ընդգծած է հակամարտութեան խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ կարելի կ՛ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատել եւ օժանդակել շրջանի բարգաւաճման։