«Տարեդարձ Մը՝ Հայ Ժողովուրդին Յաւերժութեան Նուիրուած»
ՊԵՏՐՈՍ ՊԱՆՏԱԶԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Յարգարժան հոգեւոր հայրեր, հայ քաղաքական ղեկավարներ եւ 15րդ Հայկական նաւապտոյտի հիւրեր ու բարեկամներ, բարի՛ էք եկեր:
Ըսէ՛ք, խնդրեմ, ձեզմէ ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ 199Օին, երբ Հայկական նաւապտոյտին գաղափարը ծնունդ առաւ, համաշխարհային առումով վայելած ներկայ իր յաջողութիւնը պիտի կարենար նուաճել։ Եւ այդ յաջողութիւնը ծնունդ առաւ որպէս պարզ գաղափար ու «քոնսեփ»չ, երբ լայն հորիզոնով, մեծասիրտ հայրենակից մը, բարեկամներու անմիջական իր շրջանակը նաւապտոյտի հրաւիրելու գաղափարը յղացաւ։ Եւ անգամ մը, որ խումբէն ներս ուրիշներ ալ ներառելու միտքը ժողովրդականութիւն գտաւ, հայկական աւանդական նաւապտոյտի գաղափարը ծնունդ առած էր, եւ մասնակիցներուն թիւը տարուէ տարի ուռճացած՝ ներկայիս վայելած համահայկական հնչեղութիւնը ստանալով։
ՀԱ նաւապտոյտը անկողմնակալ ձեռնարկ մըն է ու բացսիրտ հրաւէր մը՝ ուղղուած բոլորին։ Նաւապտոյտի գաղափարն ալ իր կարգին սկսաւ տաքուկ իր խորշը փնտռելու։ Այո, օրըստօրէ մեծցաւ ու ծաւալեցաւ անիկա։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն եկող հայեր մեծ բաւարարութեամբ ընդգրկեցին միասնականութեան ձգտող անոր փիլիսոփայութիւնը, երբ անոնց հրաւէր կ՛ուղղուէր կողք կողքի հաց կտրելու, ոգեկոչելու եւ տօնակատարելու իրենց հայկականութիւնը, որպէս նոյն ժողովուրդի զաւակներ։ Ոչ թէ առանձին-առանձին ու կոտորակուած, այլ որպէս իրարու հարազատ նո՛յն հաւաքականութիւնը, որ քով քովի եկած է միասնականութեան իր կամքը արտայայտելու եւ ոսոխին պատգամ մը ուղելու։
Այդ իրականութենէն մեկնելով՝ մեծագոյն նուէրը, որ նաւագնացութիւնը կը մատուցէ հայ հասարակութեան, ամբողջ շաբաթ մը իրարու մօտ բերելով՝ գաղափարներու փոխանակում ստեղծելն է, ազգային հաւաքական մեր կեանքը հետաքրքրող շահեկան զրոյցներ ունենալը, մեր մտահոգութիւնները իրարու հետ բաժնելն ու վերահաստատել այդ ջերմ հաղորդակցութիւնը, որ դժբախտաբար մեզի զլացուեցաւ երկար, շա՛տ երկար տարիներ։
Օգտուեցէ՛ք այս առիթէն։ Այնպէս մը ըրէք, որ նաւուն վրայ ամէն օր գոնէ հայու մը հետ նոր ծանօթութիւն հաստատէք։ Իմացէ՛ք անոր ուրկէ՞ ըլլալը։ Հաղորդուեցէ՛ք իրարու հետ։ Իրարու մտիկ ըրէք ու իրարու վերապրումի յուզիչ փորձառութենէն բան մը սորվեցէ՛ք։
Ամէնէն յատկանշական ու էական մասը նաւապտոյտի ներկայ ձեռնարկին կը մնան բարեկամական այն ջերմ կապերը, զորս կարողացած ենք ստեղծել հայ երիտասարդութեան հետ։ Արդեօք կրնա՞ք երեւակայել, թէ այս տարուան նաւապտոյտին, 35էն վար տարիք ունեցողներուն թիւը 400էն աւելի է։ Ներկայ երիտասարդութիւնը հարազատներու նման միախառնուած է իր հասակակիցներուն հետ։ Իրարու մօտ եկած են անոնք հայատրոփ նոյն փորձառութեան մաս կազմելու եւ իրարու սրտին զարկերը լսելու։ Աշխարհի չորս ծագերէն եկած է հայ երիտասարդութիւնը, որպէսզի միաձուլուելով ու ամբողջ շաբաթ մը իրարու կողքին ապրելով՝ հայկականութեամբ շնչէ եւ բարեկամական ամուր ցանց մը հաստատէ։ Եւ որպէս արդիւնք թափուած ազնիւ ջանքերուն, նաւապտոյտներու միջոցին նշանտուքներու, ամուսնութիւններու եւ երիտասարդ հայ զոյգերու միջեւ զարգացող կանգուն բարեկամութիւններու ականատեսը կը հանդիսանանք յաճախ։ Բան մը, որ դրական յաւելում կարելի է համարել վերապրումի մեր ճիգերուն:
Վերադառնալով հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու մարտահրաւէրին՝ մեր սերունդը պէտք է իմանայ, թէ առանց այս վայելուչ եւ ուշիմ հայ նոր սերունդին, որ յառաջ կը շարժի հայկականութեան պանծալի խորհրդանշանը բարձր պահելով, մեր Եռագոյն դրօշը պիտի գունատէր։
Հետեւաբար, մեր ուսերուն կը ծանրանայ հայ նորագոյն սերունդը դէպի հայկականութիւն ներգրաւելու պարտաւորութիւնը։ Անոնք խելացի են, ինքնավստահ եւ յաճախ փայլուն գաղափարներ կը դրսեւորեն եւ իրենց քայլերը ինքնավստահութեամբ կ՛ուղղեն դէպի ապագայ ղեկավարի դիրքերը։
Ցաւով պիտի նշեմ, թէ անհեռատես մեր վերաբերմունքով, յաճախ մենք կը հանդիսանանք զինք ետ մղողը… Ժամանակն է, որ ականջ տանք մեր նոր սերունդին։ Պէտք է անխոնջ կերպով աշխատինք, ազգային պարտաւորութիւններու հանդէպ անոնց առաւել գիտակցումը ու անսակարկ մասնակցութիւնը ապահովելու համար։
Հայկական աւանդական նաւապտոյտի կարգադիր յանձնախումբին եւ միւս մարմիններուն շարունակական մեր թելադրանքը եղած է՝
«Ապահովեցէ՛ք ձեր յաջորդները…»:
Այո բոլորի՛ն, քանիցս ըսուեցաւ ու կրկնուեցաւ. «Երբ ձեր ժամանակաշրջանը իր աւարտին հասնի, վստահ եղէք, որ փորձառու երիտասարդ մը պատրաստած էք ձեր գործը ստանձնելու»։
Եթէ մեր մեկնումէն ետք, այս բեմահարթակը այլեւս թափուր մնայ, արդեօք պիտի կարենա՞նք մենք զմեզ համոզել, թէ ՀԱ նաւապտոյտը վերջին հաշուով յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Այդ մէկը յաջողութիւն կարելի չէ կոչել։ Ատիկա մեր ետին յիշատակելի կտակ թողուլ չ՛ենթադրեր։ Սակայն այս պահուս մեր կազմակերպութիւնը գոհունակ սրտով կարող է յայտարարել, թէ ՀԱՆը, վաղուց ծրագրուած նախագիծի մը հիմամբ՝ ամէն ճիգ կը թափէ թրծելու ու պատրաստելու երիտասարդ անդամներու սերուցք մը, փոխարինելու համար իւրաքանչիւրիս գրաւած պաշտօնն ու դիրքը։ Այդ մէկը մեր անյղելի պարտականութիւնը եւ ճիտին պարտքը կը մնայ:
Մտիկ ընենք նոր սերունդին։
Հաւատացէ՛ք, անոնք ըսելիք ունին։ Այս թեման յաճախ ինծի հետեւեալ զուարճալի եւ ուսանելի անեքթոտը կը յիշեցնէ.
5-6 տարեկան փոքրիկն Արմէն դպրոցէն տուն վերադառնալով՝ մօրը հարց կու տայ.
– Ես ուրկէ՞ եկած եմ…
Խեղճ մայրը շուարումի կը մատնուի:
– Աստուա՛ծ իմ, թռչուններու եւ մեղուներու մասին կ՛ուզէ իմանալ… տղամարդու ու կնոջ փոխյարաբերութիւններուն մասին,- ահազանգի մատնուելով՝ ամուսնոյն՝ Արային, կը հեռաձայնէ ան եւ անկէ կը խնդրէ, որ անմիջապէս տուն վերադառնայ ու մանչուն պարզէ «թռչուններու եւ մեղուներու» հանելուկը։ Անձնապէս, այդ նիւթը արծարծելը վեր կը մնար իր ուժերէն:
Երբ Արան տուն վերադարձաւ, բնական է՝ լուրջ զրոյց մը ունեցաւ մանչուն հետ։ Մանրամասնութեամբ անոր պարզեց կնոջ ու տղամարդու փոխյարաբերութիւններուն բնոյթը, եւ թէ ի՛նչ միջոցներով մանուկներու ծնունդ կը տրուէր։ Ապա Արան իր մանչուն հարց տուաւ.
– Արմէ՛ն ջան, հասկցա՞ր ըսածս…
– Կը կարծեմ, թէ այո՛ հայրիկ… քանի որ դասընկերս՝ Թոմին, ըսաւ, որ ինք Պալթիմոր նահանգէն է, ուստի կ՛ուզէի իմանալ, թէ ես ո՞ր նահանգէն եմ…
Եկէ՛ք լրջօրէն մտիկ ընել սորվինք մեր երիտասարդները։ Չենթադրենք, թէ անոնց բոլոր հարցումներուն պատասխանը արդէն գիտենք։ Հայերս ամենագէտի յաւակնութիւններ սնուցող հաւաքականութիւն մըն ենք։ Ճիշդ այն անձին նման, որ մեր երեսին հետեւեալ ձաբռտուքը պիտի շպրտէր.
– Խնդրեմ, զիս մանրուքներով մի խճճէք, ես գիտեմ ըրածս։
Մտիկ ընենք մեր երիտասարդները։ Անոնք ապագայ մեր յոյսն են։ Անոնք լայնօրէն զարգացած ըլլալով՝ մեր ժողովուրդին սերուցը կը կազմեն։ Խնդրեմ չփորձուինք զիրենք օտարել։ Այո՛, անոնք մեր ապագան են, սակայն անոնք, իրենց առաքելութեան մէջ պիտի չյաջողին, եթէ երբեք պարտուողական դիրքերու մատնուին, եւ մենք ալ սրդողինք՝ անոնց սայթաքումը տեսնելով։ Պէտք է առիթ տրուի անոնց, որ սխալներ գործեն։ Պէտք է առաջնորդել ու դաստիարակել զանոնք։ Այդ մէկը մեր ճիտին պարտքն է։ ՀԱՆի օրինաչափութեան հետեւեցէք։ Նոր սերունդէն հոյակապ խումբ մը մարզեցինք ու անիկա արդէն պատրաստ է մեր դիրքերը գրաւելու։ Մենք նորեր պատրաստելու հեռանկարով գիտաժողովներ կազմակերպեցինք եւ գործադրութեան դրած ենք անոնց ուղեցոյց ծառայելիք ձեռատետր մը։ Մենք ուսումնական ծրագիր ունինք իւրաքանչիւր յանձնախումբի ղեկավարութեան պաշտօնին համար։ Շատ չանցած՝ ՀԱՆը պիտի ունենայ իր նոր ղեկավարութիւնը։ Եթէ կը կարծէք, թէ մեր նաւապտոյտը ազդու եւ կարող ղեկավարութիւն ունի, ապա խնդրեմ սպասեցէ՛ք մինչեւ որ նորերը պաշտօնի հասնին։ Այն ատեն է, որ գերազանց պիտի դառնայ ՀԱՆի ղեկավարութիւնը։ Հիներս ինչքա՛ն երջանիկ պիտի ըլլանք, երբ մեր աչքերով տեսնենք, թէ ինչպէս նորերը պիտի ստանձնեն նաւապտոյտի ղեկը ու տարիներ շարունակ պիտի ապահովեն ներկայ հայատրոփ աւանդոյթին շարունակութիւնը:
Խնդրե՛մ, մեր փորձառութիւնը ձեզի հետ տարէք ու հայկական կազմակերպութիւններու զանազան յանձնախումբերու փոխանցեցէք։ Ձեզի հետ տարէք եկեղեցւոյ կից գործող տիկնանց յանձնախումբին։ Եւ կը խնդրեմ, պահ մը ձեր ուշադրութեան առարկան դարձուցէք մեր ազգային կառոյցներու կից հոյակապ աշխատանք տանող հայկական խոհանոցը։ Քանի՞ երիտասարդ կիներ պիտի գտնէք հոն։ Տարիքաւորներ ալ մինչեւ իրիկուն կը գանգատին, թէ չկան երիտասարդներ, որ իրենց օգնեն։ Պահ մը մենք մեզի հարց տանք՝ երիտասարդները քաջալերեցի՞նք, անոնց սորվեցուցի՞նք, թէ «սարմա»ն ինչպէ՛ս կը փաթթեն… Անոնք ալ գուցէ կ՛ուզեն մասնակից դառնալ հայկական խոհանոցային շենշող, դարաւոր աւանդութեան։ Թերեւս անոնք ալ կը փափաքին շարունակել հայկական այս աւանդոյթը։ Սակայն եթէ զիրենք չդաստիարակէք հայկական աւանդոյթներով, ինչպէ՞ս կ՛ուզէք որ անոնք բան մը սորվին ու հմտանան:
Մեր համայնքին մէջ շատ ազնիւ ու նուիրուած հայուհի մը ունինք՝ տիկին Հռիփսիմէ անունով։ Հայկական աւանդական տօնախմբութեան համար անիկա հոյակապ Ֆասուլիա (սպիտակ չոր լուպիա) կը պատրաստէ։ Սակայն մինչեւ օրս կը մերժէ իր ճաշացուցակը ոեւէ անհատի հետ բաժնել։ Տակաւին, իր գործածած համեմունքները գաղտնի կը պահէ բոլորէն։ Ու յարձակողապաշտ կը դառնայ, երբ ոեւէ մէկը իրմէ խնդրէ այդ հոյակապ ճաշացուցակը։
Այլեւս ծերութեան բերումով, անիկա չի պատրաստեր իր համեղ Ֆասուլիան։ Դժբախտաբար անկարողութեան մատնուած է ան եւ մինչեւ օրս կը յամառի իր շրջապատին հետ չբաժնել Ֆասուլիային ճաշագիրը։
Ի՞նչ չնաշխարհիկ տարօրինակութիւն…
Արդեօք աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, եթէ արար աշխարհ իմանար, թէ Ֆասուլիայի այդ ճաշագիրը ստեղծուած է մի ոմն՝ տիկին Հռիփսիմէի կողմէ։ Թերեւս այս մէկը՝ իբրեւ օրինակ՝ քիչ մը պարզունակ հնչէ։ Սակայն աւելի քան վստահ եմ, թէ հայկական գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ մեզմէ շատեր վկայ եղած են ասոր նման խօսուն օրինակներու։ Յոյսով ենք, որ այսուհետեւ, հայ նոր սերունդը ներգրաւելու եւ ազգային մեր աւանդոյթները անոր փոխանցելու գաղափարը խուլ ականջներու պիտի չհանդիպի։
Հայկական աւանդական նաւապտոյտը, վստահ կրնաք ըլլալ սիրելիներ, որ պիտի անպայման շարունակուի։ Նոր ղեկավարութիւն մը պիտի գայ ու կենդանի պահէ բոլորիս գուրգուրանքի առարկան դարձած բազմանշանակ առաքելութիւնը։ Հայութիւնը քանիցս փաստեց, թէ կենդանի կ՛ուզէ պահել ներկայ նախագիծը։ Անոր մօտ չյագեցող ծարաւ մը գոյութիւն ունի՝ Հայկական աւանդական նաւապտոյտին հանդէպ։ Գործադիր յանձնախումբի եւ քոյր միութիւններու անդամներս կը վստահեցնենք, թէ անյողդողդ առաջ պիտի տանինք նաւապտոյտին գաղափարը՝ գալիք երկար տարիներուն։
Շնորհակալութիւն ձեր անվերապահ գործակցութեան ու նեցուկին համար։ Անհամբեր կը սպասենք ձեզի եւ ձեր բարեկամներուն հետ դարձեալ հանդիպելու՝ եկող տարի։
Պետրոս Պանտազեան՝ ՀԱՆի Ատենապետ
Թարգմանութիւն՝ Պ.Գ.