
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն, Ուաշինկթընի ռազմավարական հիմնարկէն ներս, «Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա. Համաշխարհային խնդիրներու լուծում» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ աջակցիլ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ամրապնդման, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին միջոցաւ:
«Մենք Մինսկի խմբակին մէջ համագործակցութեան բարձր մակարդակին կ՛աջակցինք, որպէսզի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ամուր հիմքեր գտնելուն օժանդակենք», ըսած է Կորտըն։