
ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, անդրադառնալով Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ Ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական ճանչնալու մասին տրուած վճիռին՝ Հինգշաբթի, 1 Մարտին յայտարարած է, թէ այդ որոշումը փրկեց Ֆրանսայի հեղինակութիւնը։
«Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը ցոյց տուաւ, թէ որքա՛ն ամուր են ժողովրդավարական հաստատութիւնները։ Այդ որոշումով, Ֆրանսան փրկեց իր հեղինակութիւնը», ըսած է Կիւլ եւ աւելցուցած, թէ «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական հակամարտութիւնը երկու երկիրներուն լուծելիք հարցն է, իսկ երրորդ երկիրի մը միջամտութիւնը ո՛չ միայն սխալ է, այլեւ հարցը աւելի կը բարդացնէ ու փակուղի կը տանի»։
Կիւլ նաեւ հերթական անգամ յայտնած է, որ «1915ի դէպքերը ուսումնասիրելու նպատակով պատմական յանձնախումբ ստեղծել»ու Թուրքիոյ առաջակը՝ «շատ քաջ» քայլ մըն է։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիա պատրաստ է 2015ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումի նախօրեակին, հայերու հետ կիսել անոնց ցաւը։ «Մենք կ՛ուզենք կիսել ցաւը անոնց, որոնք պատրաստ են զայն մեզի հետ կիսելու», ըսած է Տաւութօղլու։
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ֆրանսացիներու վարմունքին նկատմամբ զարմանք յայտնած է: «Անգարա որեւէ պետութեան հանդէպ գաղտնի ծրագիր չունի, իսկ այն, ինչ Փարիզ ըրաւ՝ մեծ սխալ էր», ըսած է Չիչեք։