ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Ճենկիզ Ասկարով Չորեքշաբթի, Փետրուար 29ին յայտարարած է, թէ Հայաստանի դէմ ցարդ մօտաւորապէս 1000 դիմում ներկայացուած է ատեանին, ատրպէյճանցի գաղթականներու կողմէ, որոնք վնասուց հատուցում կը պահանջեն Արցախի պատերազմի ընթացքին իրենց կրած վնասներուն փոխարէն:
Ասկարով աւելցուցած է, թէ հաւանաբար յաւելեալ դատեր բացուին Հայաստանի դէմ: