ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
Անցնող քանի մը ամիսներուն ամբողջ Եւրոպան շունչը բռնած՝ կը հետեւէր Յունաստանի

ընկերատնտեսական տագնապին: Իւրաքանչիւրիս միտքէն կ՛անցնէին նոյն հարցերը. որեւէ յոյս կա՞ր երկիրը այս անդունդէն դուրս բերելու, արդեօ՞ք յունական պետութիւնը հնարաւորութիւն ունի իր պարտքերը փակելու, ի՞նչ պիտի ըլլար յոյն մարդու ճակատագիրը: Անօթի փորով դպրոց գացող երեխաներ, առանց ելեկտրականութեան ապրող ընտանիքներ, անօթեւաններ, անօթիներ, ինքնասպանութիւն գործողներ կամ փորձողներ, եւ՝ համատարած զայրոյթ: Նոր պատկերները ցնցող էին:
Սակայն, միլիոն տոլարի հարցումը ուրիշ էր: Հարցը այն չէր, որ անոնք պիտի կարենան պետական պարտքերը փակել կամ ոչ, այլ կար բոլորովին ուրիշ խնդիր մը՝ երկիրը բարեփոխելու, համակարգը առողջացնելու համար նուազագոյն յոյսի նշոյլ մը կա՞ր…
Արդեօք Յունաստանը պիտի կարենա՞ր տրամաբանական ժամանակի սահմաններու մէջ յաղթահարել իրավիճակը ու կերտել արդիական պետական համակարգ:
Պատասխանը՝ ցաւալիօրէն, ո՛չ է:
Արեւելեան Եւրոպայի նախկին համայնավարական կարգերու երկիրները եւս ունէին նոյն խնդիրը, սակայն ի տարբերութիւն Յունաստանի, անոնք նաեւ ունէին բռնապետական կարգեր: «Փլանային տնտեսութիւնը», վարչական դիւանակալութիւնը՝ «պիւրոկրատիան», այդ կարգերու հիւանդագին արտայայտութիւններն էին: Համակարգը բարեփոխելու ջանքերը, դրամատիրական-շուկայական համակարգի որոշ յատկանիշեր իւրացնելու կամ փոխ առնելու ամէն փորձ, կ՛աւարտէր ձախողութեամբ:
Յունաստանի պարագան այսօր ցոյց կու տայ, որ ժողովրդավարական կարգերը եւս կը տառապին վարչական «պիւրոկրատիզմ»ի հիւանդութեամբ: Չար լեզուները թէեւ պիտի ըսեն ի՞նչ վարչակարգ, վարչակարգ կա՞յ…
Յունական հասարակութեան բնատիպը այն «մօտել»ն է, ուր մարդիկ չեն վստահիր վերացական բոլոր կառոյցներուն, կը վստահին միայն ֆիզիքականին, երեւելիին, ու շօշափելիին: Կայ միայն այն ինչ որ կարելի է ափի մէջ պահել, այնպէս որ ազատ շուկայ, հարկային դրութիւն, օրէնքներ, ժամանակացոյց, բոլորը վերացական բաներ են:
Սակայն արդի հասարակութիւնը ամբողջութեամբ կերտուած է ճիշդ այս վերացական մտապատկերներուն վրայ, ուր հարկերը, քաղաքական համաձայնութիւնները, տնտեսական պայմանագիրները, ճանապարհային երթեւեկութիւնը կարգաւորող օրէնքները, ժամանակացոյցները, կ՛ապաւինին «վիրթուալ» (պատկերային-Խմբ.) համաձայնութիւններու վրայ, եւ տեղի կ՛ունենան մարդոց միջեւ, որոնք շատ հաւանաբար երբեք իրարու պիտի չհանդիպին: Սակայն իւրաքանչիւրը ինքզինք կը պահէ այնպէս, որ կարծես թէ՝ այդ «վիրթուալ» հանդիպումները դէմ առ դէմ տեղի կ՛ունենան: Իւրաքանչիւրը գրեթէ կուրօրէն կը հաւատայ բանի մը զոր չէ տեսած, ձեռքերով չէ շօշափած: Այս «վիրթուալիզմ»ը արտայայտութիւն կը գտնէ թուղթի վրայ, հիմա արդէն՝ ելեկտրոնային: Թուանշաններ եւ տառեր կը կանոնաւորեն մեր կեանքը, մինչ մենք ֆիզիքապէս ներկայ չենք այդ գործընթացներուն:
Սակայն Յունաստանը այն երկիրն է, ուր հաւաքական պատկանելիութեան կորիզը ընտանիքն է ու հասարակութիւնը հազուադէպ պարագաներու միայն ընտանիքէն եւ ազգականներէն դուրս կը փնտռէ տնտեսական կամ ընկերային-սոցիալական ապահովութեան երաշխիք:
Յունական այս գործելաոճը շատ նման է հայկականին: Հայաստանի մէջ եւս հայ մարդը իր բոլոր հարցերը կը լուծէ ընտանեկան յարաբերութիւններու ու ծանօթութիւններու ճամբով: Վստահելին միայն արիւնակից պարագաներն են. եղբայրը, հայրը կամ հօրեղբայրը: Գործարքներու համար փաստաթուղթ, կամ այլ թուղթի կարիք չկայ: Ստացական, անդորրագիր, պայմանագիր, վիճակագրութիւն, արձանագրութիւն, այս բոլորը լուրջի առնելու բաներ չեն, եւ կամ, աւելի ճիշդը, այնքան կարեւոր են, որ կարելի չէ վստահիլ անծանօթին, ոչ-հարազատին, պետութեան, թուղթին ու օրէնքին: Անոր համար բոլոր համաձայնութիւնները տեղի կ՛ունենան սուրճի սեղանին շուրջ, իրար ձեռք սեղմելով, եւ մանաւանդ՝ հաստ ծրարներու մէջ փաթթուած թղթադրամի փոխանակութեամբ: Եւ այս բոլորը, ի հարկէ, կը ղեկավարուի մէկ ու միակ օրէնքով՝ որոշում կայացնողը աւելի ուժեղն է, իրաւունքը ուժեղինն է:
Եուկոսլաւիոյ փլուզման յաջորդող միջազգային հակամարտութիւններու գծով բանակցութեանց առաջին միջնորդներէն մէկն էր Լորտ Քարինկթըն, որ շուտով հրաժարեցաւ միջնորդի իր առաքելութենէն: Լորտ Քարինկթըն կը գրէ, թէ զարմացած էր ու երբեք չէր հանդիպած այսքան մեծ թիւով մարդոց, որոնք պատրաստ էին ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթի տակ՝ միաժամանակ ներքուստ հաստատ վճռած ըլլալով ոչ մէկ գնով յարգել պայմանագիրի կէտերը:
Լորտ Քարինկթըն դէմ յանդիման կու գար վաղեմի, ոչ «վիրթուալ» եւ նախամոտերն (արդիական-Խմբ.), նախադրամատիրական, արիւնակցական կապերու, հպարտութեան եւ պատիւի, հաւատարմութեան ու դաւաճանութեան, պատիժի եւ վրէժի օրէնքներով գործող հասարակութեան մը հետ: Այս հասարակութեան մէջ չկան պայմանագրեր, շահոյթ, հաշիւ, տեղեկագիր, հաշուեքննութիւն, կամ դատաքննութիւն, հարկեր, կարգ ու կանոն: Եւ չկան մանաւանդ թուղթ ու փաստաթուղթ…
Մերօրեայ Յունաստանը կարողութիւն չունի իր պարտքերը վճարելու, չունի արտադրանք: Պիւրոկրատականացած պետական մեքենան իր յաճախորդներուն բաժնելու բան չունի այլեւս: Նոր ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան այս գարնան, ինչ որ աւելի կրնայ սրել լարուածութիւնը: Յունաստանն ու յոյները իրենք զիրենք վարկաբեկուած կը զգան, երբ պարտատէրերը այլեւս չեն վստահիր յունական փաստաթուղթերուն եւ ստորագրութիւններուն (առ ի յիշեցում ըսեմ տասնամեակներ շարունակ մեծ առատաձեռնութեամբ յոյները իրենց ստորագրութիւնը կը դնէին ամէն տեսակի պարտամուրհակներու տակ, քանի որ անոնք շատ արագ հասկցեր էին որ աշխարհը կը սիրէ թուղթ ու ստորագրութիւն):
Սակայն հետաքրքրականը այն է, որ վարկաբեկումի զգացումները աւելի ուժեղ են քան պատասխանատուութեան զգացումը, յանցաւորը միշտ ուրիշն է:
Քաղաքացին կը մեղադրէ քաղաքական վերնախաւը, դասակարգ մը՝ որ տարիներ շարունակ կը վերարտադրուէր նոյն քաղաքացիներու քուէներով: Պետութիւնը, իր կարգին, կը մեղադրէ Եւրոպան: Գութն ու կարեկցանքը իր եսին հանդէպ, քաղցր թոյնի նման կը տարածուի ու կը վերափոխուի դառնութեան ու զայրոյթի:
Քաղաքական այս վարքագիծը ունի պատմական իր ակունքները եւ ի հարկէ զարմանալի չէ: Արդի յունական պատմութեան մէջ պետութիւնը բազմաթիւ անգամներ սնանկացեր է եւ կրկին ոտքի կանգներ: Անցեալին նոր սկիզբի համար դրամատուներն ու հաշուապահները, զինուորականներն ու դուրսէն բերուած իշխան մը քով քովի գալով՝ կը փորձէին «սկիզբ» կոճակը սեղմել, երկիրը ոտքի կանգնեցնել, քանի որ այլընտրանքը քաղաքացիական պատերզմ էր: Սակայն վերոնշեալ միջոցներէն ոչ մէկը այսօր հրապուրիչ է կամ հնարաւոր: Յամենայնդէպս՝ ոչ Եւրոպայի տարածքին մէջ մնալով:
Հեգնանք է այն, որ այսօրուան յունական հիւանդ հասարակութիւնը կ՛ուզէ ամէն գնով պահել այս հասարակական արժէքները, մոռնալով, որ այս բարեկամական ու խնամիական կապերու, ինքնասիրութեան եւ պատիւի , հաւատարմութեան ու դաւաճանութեան, պատիժի եւ վրէժի օրէնքներով գործող հասարակութեան անգիր օրէնքները պատմական ժառանգ են օսմանեան օրերէ յամեցող:
Պիւրոկրատներու վարչակարգեր, յունականի նման, որ կը պահուըտին «մոտերնիզմ»ի բարակ շղարշի մը ետին, կը շարունակեն գոյատեւել հիւսիս հարաւային եւրոպայի շատ մը երկիրներու մէջ, դժբախտաբար նաեւ Հայաստանի մէջ:
Միակ ելքը մեր սեւեռումը պահելն է իսկական, արդիական տնտեսականքաղաքական համակարգի մը վրայ: