
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Սումկայիթի ու Պաքուի մէջ 24 տարի առաջ իրականացուած ջարդերու եւ վայրագութիւններու դէմ բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցած են Ուաշինկթընի հայ համայնքի անդամները:
Բողոքի հաւաքը կազմակերպուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Սուրբ Մարի հայկական եկեղեցիի երիտասարդաց միութիւններու նախաձեռնութեամբ:
Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց ցուցարարները Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցիի հոգեւոր հովիւ Սարգիս քահանայ Ակտաւոկեանի եւ Սուրբ Մարի եկեղեցիի Յովսէփ քահանայ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ զոհուածներու նկարներուն առջեւ մոմեր վառած եւ աղօթած են: