
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցեալ Կիրակի օր, Վեհարանի դահլիճին մէջ ներկայութեամբ Հայաստանի ու Ղարաբաղի դեսպաններուն, Լիբանանի հայութեան զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւան, անոր պատրաստած «Ղարաբաղի Վէրքերը» վաւերագրական ժապաւէնին առիթով:
Վեհափառը իր խօսքը ուղղելով Ցվեթանա Փասքալեւային ըսաւ. «Դուք սովորական ժապաւէն մը չպատրաստեցիք, այլ՝ ժողովուրդի մը պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահը ժապաւէնի վերածելով՝ փոխանցեցիք նոր սերունդներուն: Այս աշխատանքը դուք ապրումով, տագնապով ու նուիրումով կատարեցիք, հաւատալով ձեր առաքելութեան եզակի իմաստին ու սրբազան նպատակին: Եւ աւելին՝ վաւերագրական այս ժապաւէնին ճամբով դուք պատգամ մը փոխանցեցիք աշխարհին, թէ՝ ժողովուրդի մը անկախութեան իրաւունքը ո՛չ ոք կրնայ խլել եւ թէ հայ ժողովուրդը իր արիւնով կերտած է իր հայրենիքը ու անկախութիւնը»:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ցվեթանա Փասքալեւա: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ան յայտնեց, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը մինչեւ վերջ եւ համայն աշխարհին ցոյց տայ Արցախի մէջ տեղի ունեցած դէպքերն ու իրականութիւնները, որպէսզի աշխարհը կարենայ ճիշդ ձեւով դատել եւ համապատասխան արդար որոշումին յանգիլ Ղարաբաղի տագնապին գծով: