
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի նորընտիր վարչութեան կազմակերպութեամբ, Յունուար 12ին հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հայ կեդրոնին մէջ՝ առիթ ընծայելով համայնքին ծանօթանալու քաղաքի պաշտօնատարներուն, Հայ Դատի վարչութեան նոր անդամներուն ու վարչութեան ապագայ ծրագիրներուն:
Վարչութեան համա-ատենապետ Շողիկ Եփրեմեան ձեռնարկին բացումը կատարեց՝ ներկայացնելով նոր վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հիւրերը, որոնց շարքին էին՝ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Ճուտի Չուի, քաղաքապետ Պիլ Պոկարտ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ճեք Ռապինսըն, Թերի Թորնեք եւ Քրիս Հոլտըն, քաղաքի գործավարի տեղակալ Սթիւ Մերմըլ, քաղաքի գանձապահ Վիգէն Երկանեան, Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի նախագահ Ռենեթա Քուփըր, վերահսկիչ Ճան Կանտրի եւ Փասատինայի քաղաքային համալսարանի վարչութեան նախագահ Պիլ Թամսըն:
Ապա ելոյթներ ունեցան քաղաքապետ Պիլ Պոկարտ եւ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի նախագահ Ռենեթա Քուփըր, իսկ Հայ Դատի վարչութեան գանձապահ Տէյվիտ Գէորգեան տեղեկութիւներ փոխանցեց Հայ Դատի գործունէութեան ու ապագայ ծրագիրներուն մասին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շահէ Պեզճեանին ու բոլոր անոնց, որոնք ձեռնարկին յաջողութեան նպաստեցին:
Ձեռնարկին ընթացքին ջութակով ելոյթ ունեցաւ քաղաքի «Ուեպսթըր» վարժարանի 5րդ դասարանի աշակերտ Լիանա Յովսէփեան: