ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կանանց միջազգային աղօթքի օրուան առիթով, Ուրբաթ, Մարտ 2ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ հաւաք մը: Հիւրասիրութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10ին, իսկ արարողութիւնը՝ 11ին:
Այս տարուան բնաբանն է՝ «Արդարութիւնը թող տիրէ»: Արարողութիւնը պիտի կատարուի հայերէնով եւ անգլերէնով, մասնակից հայկական եկեղեցիներու՝ Առաքելական, Եղբայրութեան, Եղբայրակցութեան, Կաթողիկէ, Աւետարանչական եւ Նազովրեցի, անդամ կիներու կողմէ: Սոյն պաշտամունքի համակարգողն է Սիլվա Աթոլիքեան, որ կիները կը հրաւիրէ մաս կազմելու աղօթքի օրուան, երբ «աշխարհի բոլոր տիկինները կ՛աղօթեն աշխարհի արդարութեան համար»:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապուիլ Սիլվային հետ՝ (818) 503-4522 թիւով կամ silva4christ@yahoo.com հասցէով: