ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ Հինգշաբթի, Փետրուար 23ին յայտարարած է, որ Թուրքիա կը ծրագրէ մինչեւ 2015 թուական Միացեալ Նահանգներէն գնել 100 «Էֆ. 35» տիպի ռազմական օդանաւեր, որոնք մօտաւորապէս 16 միլիառ տոլար պիտի արժեն:
Սակայն Եըլմազ շեշտած է, որ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան՝ գինը նուազեցնելու ուղղութեամբ։