ԹԵՀՐԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Ազգային ապահովութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնաժողովի անդամ Զոհրա Ալիխան, իրանական «Ֆարս» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Հինգշաբթի, Փետրուար 23ին յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան «խաղալիք դարձած է» Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ձեռքերուն մէջ:
Իրանցի խորհրդարանականը նաեւ քննադատած է Ատրպէյճանը՝ Իրանի ներկայացուցիչներու գործունէութիւնն այդ երկրին մէջ սահմանափակելուն, իրանական լրատուամիջոցներու լրագրողները ձերբակալելուն եւ իսլամական գործիչներու նկատմամբ ճնշումներ գործադրելուն համար:
Փետրուար 22ին, Ատրպէյճանի հասցէին քննադատութիւններ հնչեցուցած են նաեւ Իրանի խորհրդարանի նոյն յանձնաժողովի նախագահ Ալաէտտին Պորուճերտին եւ իրանցի խորհրդարանական Էսմայիլ Քովսարին:
Ատրպեճանական իշխանութիւնները քանի մը օր առաջ ձերբակալած են իրանական արբանեակային «Սահար» պատկերասփիւռի կայանի թղթակից մը՝ զայն ամբաստանելով թմրանիւթեր պահելու յանցանքով, սակայն լրագրողին եղբայրը անհիմն համարած է այդ ամբաստանութիւնը: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները վերջերս յաճախ քննադատած էին նշեալ կայանին լուրերը: