ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ֆրանսայի կառոյցը կը պաշտպանէ Ֆրանսայի նախագահի ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Օլանտի թեկնածութիւնը. այս մասին «Թերթ»ի թղթակիցին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան:
Դաշնակցութիւնը ինչո՞ւ չի պաշտպաներ Նիքոլա Սարքոզիին: Այս հարցին անդրադառնալով՝ Մանոյեան ըսաւ, թէ «Սոցիալիստ թեկնածուն ալ նոյն բանը կ՛ըսէ եւ կ՛ընէ»: