
ՊԱՔՈՒ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպին, ատրպեճանական «ԱզերԹաճ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին, Չորեքշաբթի, Փետրուար 22ին յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած։
Ռուպին ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումին հիմքը կը կազմէ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքները, որոնց շարքին՝ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման եւ ուժ չկիրարկելու սկզբունքները։
«Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր՝ մենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ իրական յառաջընթացի հասնելու համար մթնոլորտի բարելաւման կ՛աջակցինք։ Իսկ ատիկա կը վկայէ այն մասին, թէ մենք չենք կրնար կողմերէն մէկը պաշտպանել։ Մենք կ՛աշխատինք, որ մեր կողմէ օգտագործուող արտայայտութիւնները երկու կողմերուն միջեւ հակասութիւն չյառաջացնեն, այլ զանոնք իրարու մօտեցնեն», ըսած է ան։
Ռուպին ընդգծած է, որ Մինսկի խմբակը միակ գործող ձեւաչափն է, որ ի վիճակի է յառաջ մղելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած բանակցային գործընթացը, եւ աւելցուցած. «Նման ողբերգական իրադրութեան մէջ կացութիւնը անփոփոխ պահելու ընտրանքը անընդունելի է։ Ես այդ մասին յայտարարած եմ նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ։ Մենք, սակայն, կը հաւատանք, որ այն շրջանակը, որուն մէջ մինչեւ օրս գործած ենք համաձայնութիւն ձեռք բերելու համար, լաւագոյնն է։ Անգամ մը եւս զայն յայտնագործելու անհրաժեշտութիւն չկայ, որովհետեւ այսպիսի պայմաններու մէջ մենք կրնանք կորսնցնել նաեւ այն, ինչ մինչեւ հիմա ձեռք բերած ենք», ընդգծած է ամերիկացի պաշտօնատարը։