
Ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ եւ Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս Ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ներկայացուցած երեսփոխան Վալերի Պուայէի խորհրդական Կարօ Եալըչ, որ բանաձեւի համահեղինակներէն մէկն է, հարցազրոյց մը տուած է «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին՝ յայտարարելով, թէ օրինագիծին նկատմամբ Թուրքիոյ ցուցաբերած հակադարձութիւնը ցոյց կու տայ, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը փափաքի թուրք հաւաքականութեան մօտ ժխտական զգացումներ յառաջացնել Ֆրանսայի դէմ, այնպէս, ինչպէս ան ըրաւ Իսրայէլի պարագային։
«Ըստ իս՝ եթէ Թուրքիա կը փափաքի մաս կազմել Եւրոմիութեան ընտանիքին, ապա Անգարա պէտք չէ այսպիսի ծանր հակազդեցութիւն ցոյց տայ։ Օրէնքի հիմնական նպատակն է արգելք հանդիսանալ ատելութեան սերմանումին», յայտարարած է ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսայի մէջ հա՞յ, թէ թուրք բնակչութեան թիւը աւելի բարձր է՝ Կարօ Եալըչ ըսած է, որ պաշտօնապէս թուրքերը աւելի մեծ թիւ կը կազմեն։ «Սակայն կարելի չէ յստակ թիւ մը տալ ֆրանսահայերու թիւին մասին. անոնցմէ շատերը Ֆրանսա եկած են 19րդ դարու 90ական թուականներուն եւ քսաներորդ դարու սկիզբը։ Եղած են մեծ թիւով խառն ամուսնութիւններ եւ իրական թիւ մը կարելի չէ տալ», դիտել տուած է Եալըչ։
Անոր համաձայն՝ թուրք առաջնորդներ, բարձրագոչ յայտարարութիւններով հանդէս գալու փոխարէն, աւելի մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն իրենց քաղաքացիներուն։ «Աւելի քան 100 հազար թուրքեր կ՛աշխատին ֆրանսական ընկերութիւններու մէջ։ Ամէն տարի ֆրանսացի զբօսաշրջիկներ մօտաւորապէս մէկ միլիոն եուրոյի եկամուտ կը բերեն Թուրքիոյ։ Անոնք կը մոռնան այս բոլորը», ըսած է Եալըչ:
«Եթէ մենք ճնշում չբանեցնենք, Թուրքիա երբե՛ք քաջութիւն պիտի չունենայ ետ նայելու եւ իր պատմութեան հետ երես առ երես գալու։ Մենք ապագայ պէտք է կառուցանենք, գրեթէ հարիւր տարուան ժխտումէն ետք։ Կը բաւէ. ո՛չ թուրքեր եւ ոչ ալ հայեր արժանի են այս վերաբերումին», եզրափակած է ֆրանսահայ քաղաքական գործիչը։