ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 15ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրապարակեց հրամանագիր մը, Փետրուար 26ին երկրին նոր սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ հանրաքուէ կատարելու առնչութեամբ:
Բարեփոխումներ ընդգրկող նախագիծին մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ վարչակարգը հանրապետական է, գերիշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, որ զայն կը կիրարկէ սահմանադրութեամբ ճշդուած սահմաններուն մէջ։ Նախագիծը կ՛ընդգծէ, որ պետութիւնը քաղաքացիներու ազատութիւնն ու ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ մամուլի, հրատարակութեանց եւ լրատուամիջոցներու ազատութիւնը կ՛երաշխաւորէ:
Նախագիծը կը նշէ, որ քաղաքացիները իրաւունք ունին խաղաղ ցոյցեր կամ գործադուլ կատարելու, իսկ երկրին նախագահը կ՛ընտրուի ժողովուրդին կողմէ եւ անոր նստաշրջանը 7 տարի է՝ վերանորոգելի մէկ անգամուան համար։ Հոն ջնջուած է ներկայ սահմանադրութեան 8րդ յօդուածը, որ կը նշէ, թէ «Պաաս» կուսակցութիւնը «ընկերութեան եւ պետութեան ղեկավար կուսակցութիւնն է»։ Անոր փոխարէն կը նշուի, որ վարչակարգը հիմնուած է «քաղաքական բազմազանութեան վրայ, իշխանութիւնը կը կիրարկուի ընտրութեան ճամբով ժողովրդավարական ձեւով, իսկ արտօնագրեալ կուսակցութիւններն ու ընտրական համախմբումները ազգային քաղաքական կեանքին կը մասնակցին»։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ողջունեց նոր սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէի թուականին ճշդումը եւ նշեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը մեկուսացնելու փորձերը սխալ են, սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Մայքըլ Համըր յայտնեց, թէ իր երկիրը կը ձգտի Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները խստացնելու եւ դիւանագիտական մեկուսացումի ճամբով՝ Ասատի վարչակարգին շուրջ օղակը աւելիով սեղմելու:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է քննէ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներ հաստատելու հարցը, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն «սուրիական տագնապին վերջ տալու համար Անգարայի վրայ իր դրած գրաւի ձախողութենէն յուսախափ եղած է»։ Ամերիկացի պաշտօնատարներ օրաթերթին նշած են, որ իրենց թուրք գործընկերները «շատ խօսած են, սակայն՝ քիչ գործած»։