ՍԹՈՒՏԻՕ ՍԻԹԻ.- Շաբաթ, Յունուար 28ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայ արհեստավարժներու միութեան (APS) 2012 տարեշրջանի վարչութեան ներկայացումը՝ խումբ մը արհեստավարժներու, հիւրերու եւ պաշտօնատարներու ներկայութեամբ:
Ձեռնարկի ընթացքին, նոր վարչութեան ատենապետութիւնը ստանձնած Էնճըլօ Կալեան, որ նախորդ վարչութեան մէջ առաջին փոխատենապետի պաշտօնը վարած էր, ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տրամադրած նեցուկին համար՝ նշելով, որ 2011ը յաջող տարի մը եղած էր միութան համար, որուն անդամներուն թիւը աւելցած է: Ան նաեւ խօսեցաւ յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրին մասին, միաժամանակ դրուատելով միութեան նախկին ատենապետները, ի մասնաւորի նախորդ ատենապետ Շահան Մինասեանը, որ բեմ հրաւիրուելով՝ մանրամասնօրէն ներկայացուց նախորդ տարուան իրագործումները:
Ընթրիքէն ետք, նախկին ատենապետներէն Ստեփան Պաղպուտարեան ներկայացուց 2012ի վարչութեան անդամները՝ Էնճըլօ Կալեան (ատենապետ), Թալին Հաննա (առաջին փոխատենապետ), Լիլի Ղազարեանց (երկրորդ փոխատենապետ) եւ Անի Պետրոսեան (գանձապահ): Սեդա Խաճարեան վերանշանակուած է Կրթանպաստի յանձնախումբի ատենապետուհի, իսկ ձեռնարկներու համակարգող նշանակուած է Լարա Եագուպեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ միութեան հիմնադիրներէն Վահագն Գրիգոր եւ բեմ հրաւիրելով 2011ի վարչութեան ատենապետ Շահան Մինասեանը՝ յուշանուէր մը յանձնեց անոր:
1958ին հաստատուած սոյն կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 685-9946 թիւին կամ apsla@apsla.org ու APS, P.O. Box 10306, Glendale, CA, 91209 հասցէներուն: Միութեան համացանցային կայքի հասցէն է՝ www.apsla.org: