
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան փոխնախագահ Պիրկիւլ Այման Կիւլեր յայտարարած է, որ Թուրքիա սկսած է մենատիրական պետութեան մը վերածուելու: Կուսակցութեան կեդրոնական վարչական խորհուրդի ժողովին ընթացքին, Կիւլեր խստօրէն քննադատած է վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ետք՝ արդարադատութեան համակարգին մէջ յատուկ լիազօրութուններով դատարաններու ստեղծումը՝ նշելով, որ այս մէկը խոտոր կը համեմատի ժողովրդավարական պետութեանց սկզբունքներուն:
Ան նաեւ քննադատած է Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան՝ «Մի»չի, ներկայի եւ նախկին ղեկավարները յատուկ լիազօրութիւններով դատարան կանչելու որոշումը, եւ ազդարարած է, թէ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան վերջին մնացորդները անհետանալու վտանգ կը դիմագրաւեն, իշխանութեանց կամայականութեան պատճառով: