
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաթմանի մէջ, անցեալ տարուան Ապրիլի 24ին, թուրք զինուորի մը կողմէ սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճիի համար հիմնուած է «Արդարութիւն Սեւակի համար» մարմինը, որուն հեղինակները Կիրակի, Փետրուար 12ին մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպած են:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթին, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Ուֆուք Ուրասը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, թէ իրենք չեն կրնար ընդունիլ այն իրողութիւնը, որ Սեւակը սպաննած զինուորը այժմ ազատօրէն կը շրջի Տիարպեքիրի փողոցներուն մէջ:
Յիշեցնելով թուրք նախարար Էկեմեն Պաղըշի խօսքերը՝ «Ցեղասպանութիւն չկայ. ձերբակալեցէ՛ք նայինք»՝ ան նշած է, որ իրենք եւս կ՛ըսեն՝ «Ձեր աչքին առջեւ յանցագործութիւն կայ. ձերբակալեցէ՛ք նայինք»: Ուրաս աւելցուցած է, թէ իրենք կը փափաքին, որ մարդասպանը անմիջապէս ձերբակալուի եւ բացայայտուին սպանութեան կազմակերպիչները: