ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար, Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահան Շիրխանեան Փետրուար 10ին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ կուսակցութիւնը տակաւին չէ որոշած, եթէ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ան նշեց, որ այժմ քննարկումներ կը կատարուի եւ ի մօտոյ պիտի յստականայ, եթէ իրենք թեկնածու պիտի առաջադրեն, կամ՝ ո՞ր ուժին պիտի զօրակցին:
Վահան Շիրխանեանի համաձայն, համագործակցութեան առաջարկներ կան քանի մը ուժերու կողմէ, սակայն տակաւին յստակ ոչինչ կայ, որովհետեւ քննարկումներու հանգրուան է: