Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի դիւանը շրջանի արուեստագէտներուն եւ արուեստի գործերու հաւաքածոներ կազմողներուն ուշադրութեան կը յանձնէ հետեւեալ կոչը, որ կու գայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսչութենէն.
Նկատի ունենալով, որ Դպրեվանքը, հաստատուած՝ Լիբանանի Պիքֆայա աւանին մէջ, աշխարհագրականօրէն հեռու է Անթիլիասի Մայրավանքէն ու անոր յարկին տակ գտնուող «Կիլիկիա» թանգարանէն, Դպրեվանքի տեսչութիւնը որոշած է նկարներու եւ քանդակներու մնայուն ցուցահանդէս մը ունենալ Դպրեվանքի յարկին տակ, որպէսզի դպրեվանեցիներն ու անոր օտար հիւրերը առիթ ունենան ուղղակի հաղորդակից ըլլալու հայ արուեստագէտներու գործերուն։
Այս նկատառումով՝ տեսչութիւնը կը խնդրէ նկարիչ ու քանդակագործ հայ արուեստագէտներէն, որ իրենց գործերէն օրինակներ նուիրեն Դպրեվանքին, կազմելու համար առաջադրուած ցուցահանդէսը։ Նկարիչներէն կը խնդրուի ուղարկել առաւելագոյնը 80×100 սմ. կամ առնուազն 50×70 սմ. չափով արուեստի գործեր, իսկ քանդակագործները կրնան իրենց նախասիրած չափով ստեղծագործել։ Նոյն խնդրանքը կ՛ուղղուի նաեւ արուեստի գործերու հաւաքածոներ կազմողներուն, որպէսզի նոյն չափի արուեստի գործեր նուիրեն Դպրեվանքին։ Արուեստի գործերուն պէտք է ընկերացնել արուեստագէտին հակիրճ կենսագրութիւնը՝ 10 տողի սահմաններուն մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է ուղղակի կապի մէջ մտնել Դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի հետ՝ հեռաձայնելով (011-961-4) 980-060 կամ (011-961-3) 486-943 թիւերուն։
«Վստահ ենք, որ մեր արուեստագէտներն ու հաւաքածոյ կազմողները պիտի ընդառաջեն այս կոչին եւ մասնակցութիւն պիտի բերեն մնայուն ցուցասրահի հաստատման», նշուած է Ազգ. առաջնորդարանի դիւանի հաղորդագրութեան մէջ: