ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Տերսիմի մէջ, Աթաթուրքի արտօնութեամբ 1936-1937ին տեղի ունեցած ալաուի, քիւրտ, հայ, ասորի եւ յոյն բնակչութեան դէմ կոտորածին զոհերը ու անոնց ժառանգորդները փոխհատուցում կը պահանջեն Թուրքիայէն:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթը կը գրէ, թէ վնասուց հատուցման առաջին հայցը ներկայացուցած է Տերսիմի ջարդերու ընթացքին հաշմանդամ դարձած 83ամեայ Ալի Տողանը՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն 1 միլիոն լիրա պահանջելով: Դատարանը ընդունած է հայցը եւ զայն ուղարկած է Թուրքիոյ նախագահական պալատ:
Թերթը կը յայտնէ, թէ Տողան փոխհատուցման հայցը ներկայացուցած է՝ խանդավառուած Տերսիմի կոտորածներուն համար Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ներողութիւն խնդրելու քայլէն:
Թուրքիոյ պաշտօնական աղբիւրները կը նշեն, թէ այդ ջարդերուն զոհ գացած են մօտաւորապէս 13,000 տերսիմցիներ, սակայն տեղացիները կը յայտնեն, թէ զոհերուն թիւը 100 հազարէն աւելի է: