
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Փետրուար 7ին, հազարաւոր սուրիացիներ ռուսական եւ սուրիական դրօշակներով դիմաւորեցին Սուրիա այցելող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ քննեց երկրին տագնապը արագօրէն լուծելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումէն ետք, Լաւրով անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ Ռուսիա կ՛ուզէ առաջ մղել անցեալ Նոյեմբերին Արաբական լիկային առաջադրած ծրագիրը, որ կը պահանջէ քաղաքներէն եւ գիւղերէն բանակին հեռացումը, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ ժողովրդավարական բարեկարգումներու շարունակութիւնը: Լաւրով յայտնեց, թէ Ասատ խոստացած է արագացնել բարեկարգումներուն թափը եւ զսպել արիւնահեղութիւնը՝ աւելցնելով, թէ Մոսկուա, իր կարգին, խոստացած է իր կարելին ընել՝ նպաստելու համար Սուրիոյ այդ ջանքերուն:
Ասատ սուրիացի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ կեցուածքին համար։ Լաւրով պատասխանած է, թէ Ռուսիոյ կեցուածքը կը բխի Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ իր իրապաշտ եւ հաւասարակշռուած գնահատականէն, ինչպէս նաեւ իր այն համոզումէն, որ փոխան ներքին երկխօսութեան քաջալերման՝ արտաքին միջամտութիւնն ու հրահրումը յաւելեալ արիւնահեղութեան եւ բռնարարքներու պիտի առաջնորդեն:
Մինչ այդ, իշխանութեանց ընդդիմադիրներուն տարածած տեղեկութեանց համաձայն՝ Հոմսի մէջ բախումները կը շարունակուին բանակին եւ ընդդիմութեան համակիր զինեալներու միջեւ:
Նշենք, որ Ֆրանսա եւ Իտալիա, ինչպէս նաեւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները Երեքշաբթի օր Սուրիոյ մօտ իրենց դեսպանները տուն կանչեցին։
Միւս կողմէ, Իրանի պետական «Փրէս Թի.Վի.» կայանը կը հաղորդէ, թէ Ամերիկայի եւ արեւմտեան ուժերու կողմէ պատրաստուած ծրագիրի մը համաձայն, Թուրքիա կը պատրաստուի Սուրիա ներխուժելու, զինելու համար սուրիացի ընդդիմադիրները, մինչ Իսրայէլ կը պատրաստուի ռմբակոծելու Սուրիոյ բանակին կարեւոր դիրքերը՝ օգնելու համար ընդդիմադիրներուն, որ տապալեն Ասատի վարչակարգը: