
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Փետրուար 7ին մասնակցած է պուլկարացի յայտնի լրագրող Ցուետանա Փասքալեւայի «Ղարաբաղի վէրքերը» շարժապատկերի տեսասկաւառակի շնորհահանդէսին:
Նախագահը բարձր գնահատած է Փասքալեւայի նուիրումն ու երկար տարիներու աշխատանքը՝ ուղղուած արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի ճշմարտացի լուսաբանման, մեր շահերու եւ արդարութեան պաշտպանութեան: Բակօ Սահակեանի համաձայն, ատոր վառ օրինակն է «Ղարաբաղի վէրքերը» շարժապատկերներու շարքը, որ կը հանդիսանայ Արցախեան ազատամարտի վաւերագրութեան լաւագոյն էջերէն մէկը եւ կ՛իրականացնէ կարեւոր առաքելութիւն՝ մեր արդար ձայնը հասցնելով միջազգային հանրութեան, օգնելով ճիշդ ու բազմակողմանի պատկերացում կազմել ղարաբաղեան հիմնախնդիրին մասին: