ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզութեան կազմակերպութեան՝ «Սի.Այ.Էյ.»ի, տնօրէն Ճէյմզ Քլեփըր, Երեքշաբթի, Յունուար 31ին Քոնկրեսին տրուած զեկուցումի մը ընթացքին նշած է. «Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող չլուծուած հակամարտութիւնները եւ Կեդրոնական Ասիոյ որոշ պետութիւններու անկայունութիւնը Եւրասիոյ մէջ «տաք կէտերու» յառաջացման առաւել հաւանական պատճառներ են»։
Ան Կովկասի մէջ «հակամարտութեան հաւանական օճախ» նկատած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը։ «Ռազմաշունչ յայտարարութիւնները, կողմերու միջեւ անվստահութիւնը եւ շփման գիծին չդադրող բռնութիւնները սխալելու վտանգը կը մեծցնեն, ինչ որ իր կարգին՝ կրնայ պատճառ դառնալ իրավիճակի վատթարացման՝ գրեթէ առանց նախազգուշացման», նշած է ան: