ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ
Նոր Տարուան պարահանդէսը ամէն տարի վերապահուած էր շրջանիս «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, սակայն այս տարի, կոմիտէն, ընդառաջելով «Չարլի Քէյեան» համագաղութային վարժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան դիմումին՝ պարահանդէսի կազմակերպչական աշխատանքները յանձնեց դպրոցին, միաժամանակ խոստանալով թիկունք կանգնիլ աշխատանքներուն:
Պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 31ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 350 ներկաներու: Հոգաբարձութեան ատենապետ բժիշկ Վաչէ Վասիլեան բեմ բարձրանալով՝ բարի գալուստի մաղթեց բոլորին եւ իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնելով ըսաւ. «Նախ հրապարակաւ կ՛ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել շրջանիս «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, որ սիրայօժար ընդառաջեց մեր դիմումին եւ տարիներու աւանդութիւն դարձած Նոր Տարուան իր ձեռնարկը մեզի տրամադրեց»:
Ապա ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց շրջանիս բոլոր միութիւններուն, եկեղեցիներու հովիւներուն, հոգաբարձուներուն, հաստատութիւններուն եւ անձերուն, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերին այս պարահանդէսի յաջողութեան համար, եւ ըսաւ. «Մենք մեզ հպարտ եւ զօրաւոր կը զգանք եւ մեր դպրոցը իր առաքելութիւնը պիտի շարունակէ այնքան ժամանակ, որ շրջապատուած տեսնենք մենք մեզ գաղութի զաւակներով, որոնք պատրաստ են նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնելու մեր աշխատանքներուն»:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց պարահանդէսի յանձնախումբը, որ շաբաթներ շարունակ աշխատած էր պարահանդէսը յաջողութեամբ պսակելու համար:
Իր գրաւիչ երգերով պարահանդէսը ծաղկեցուց «Տի. Ճէյ. Արա»ն, որ այս առիթով հրաւիրուած էր Լոս Անճելըսէն: Մինչեւ ուշ գիշեր հնչեցին երգն ու պարը՝ ստեղծելով առինքնող մթնոլորտ: Ծեր ու երիտասարդ հարթակին վրայ պարելով՝ Կաղանդ պապան եւ Նոր Տարին դիմաւորեցին ողջագուրուելով եւ իրարու բարեմաղթութիւններ փոխանակելով:
Պարահանդէսի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, ինչպէս նաեւ յայտարարուեցաւ «Չարլի Քէյեան» համագաղութային վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմութիւնը:
Այս առիթով բեմ հրաւիրուեցան դպրոցի շրջանաւարտներէն Թամար Շամլեան եւ Վիգէն Գալէմքէրեան, որոնց պարտականութիւն տրուեցաւ շրջանաւարտից միութեան աշխատանքները կազմակերպել:
Ծափերով դիմաւորուեցան վարժարանի երկու փոքրիկ աշակերտներ՝ Ռուբէն Համամճեան եւ Ասատուր Պօղոսեան, որոնք Կաղանդ պապային արտասանեցին Մ. Իշխանի եւ Ա. Իսահակեանի քերթուածներէն, յաջորդաբար՝ «Նամակ Կաղանդ Պապային»ը եւ «Արարատին»ը:
Ուրախալի երեւոյթ էր մեծ թիւով երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութիւնը՝ իրենց հայրերուն, մայրերուն, մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն հետ, որոնք պահ մը մոռնալով կարծես իրենց ուսերուն վրայ ծանրացած տարիներու բեռը՝ հարթակին վրայ բոլորն ալ երիտասարդացած՝ կը պարէին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն հետ:
Այս տաքուկ եւ մտերմիկ մթնոլորտը, որ ընդելուզուած էր ազգային երգերով եւ պարերով, վերջ գտաւ 2012 տարեշրջանի առաջին ժամերուն:
Հինգշաբթի, Յունուար 5ին, շրջանիս ՀՄԸՄ «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտները, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցին, հինգ խումբերու բաժնուած, ընկերակցութեամբ սկաուտ պատասխանատուներու եւ մեծ թիւով ծնողներու՝ այցելեցին 50 ընտանիքներու եւ աւետեցին Յիսուսի Ծնունդը՝ երգելով «Խորհուրդ Մեծ»ը եւ Ծննդեան նուիրուած երգեր:
Իսկ Ուրբաթ, Յունուար, 6ին, Ս. Ծննդեան պատարագին եւ æրօրհնէքի արարողութենէն անմիջապէս ետք, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի աշակերտները ներկայացուցին Քրիստոսի Ծնունդը: Եկեղեցւոյ դպրաց դասը, Ս. Ծննդեան նուիրուած անգլերէն երգերով եւ ընկերակցութեամբ երգեհոնին՝ արարողութեան կը հետեւէր:
Փափաքելի է, որ նման առիթներուն, հնչեն նաեւ Ս. Ծննդեան նուիրուած հայկական երգեր, որոնք նոյնքան կը խօսին հայ հաւատացեալներու սրտերուն եւ հոգիներուն: