ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

«Տարի» ըսուածը՝ մարդկային հաշուարկներով տարուան 365 օրերը թուաբանօրէն բաժնել չորս եղանակներու՝ գարուն, ամառ, աշուն ու ձմեռ, 12 ամիսներու, ապա 52 շաբաթներու, օրերու, ժամերու ու վայրկեաններու… հոյակապ ստեղծագործութիւն ու դրութիւն մըն է: Մարդկութեան եւ համայն աշխարհի համար գործելաձեւի մէջ դրուած հոյակապ կարգ ու կանոն մըն է, առանց որուն կարելի չէ երեւակայել աշխարհին վիճակը:
Հաւատա՞լ, թէ չհաւատալ Նոր Տարուան բերելիք ու տանելիք բարիքներուն կամ չարիքներուն, չեմ գիտեր. այդ մէկը ուրիշ հանելուկ մըն է: Դարերու աւանդութիւններէն մնացած, եկած ու մարդկութեան մէջ թափանցած մտայնութիւն մըն է Նոր Տարիին բերած ու տակաւին բերելիքներուն առեղծուածը: Նոր Տարիէն մեր սպասումները ու մեր ակնկալութիւնները պարզապէս ցնորք են, երազանք ու մարդկային միամտութիւն: Եւ տակաւին չենք խօսիր աշխարհի գուշակներու մասին, որոնք խաբեբայութեամբ կը մարգարէանան եւ իրենց սուտն ու բութը կը փորձեն ժողովուրդին ծախել: Միջին արեւելեան ժողովուրդներն ալ, ներառեալ հայերս, սուրճի գաւաթի նայելով կը փորձենք Նոր Տարուան բերելիքներուն մասին գուշակութիւններ ընել՝ յաճախ հաւատալով եւ հաւատացնելով, ականջը խօսի հայր Վաղինակին:
Սակայն համայն մարդկութիւնը ընդհանուր առմամբ, ներառեալ մենք ու ընտանիքիս անդամները անշուշտ, միամտաբար սպասումները ունինք Նոր Տարիէն, մեր ակնկալութիւնները ըլլան չար կամ բարի, լաւ կամ գէշ: Բայց միեւնոյն ատեն կը տեսնենք, թէ հին տարիէն Նոր Տարին՝ օրերը թաւալագլոր կը սահին ու կ՛երթան, իրենց հետ բերելով թէ՛ բարիք, թէ չարիք՝ համայն մարդկութեան: Շատ մը ազգեր ունին իրենց Նոր Տարին, օրինակ չինացիները ունին իրենցը, հնդիկները ունին իրենցը եւ այլն։ Ինչո՛ւ չէ, նաեւ մենք՝ հայերս, ունինք երկու հատ, մէկը այժմէականը ու միւսը պատմականը, որ 2012ի կողքին այբբենական տառերով կը յիշուէր. 2012ի տարին, եթէ չեմ սխալիր, պէտք է ըլլայ ՌՆԿԲ: Ազգ. առաջնորդարանի օրացոյցին մէջ չգտայ այդ մէկը, չեմ գիտեր, գուցէ մոռցուած է կամ հրաժարած են անկէ:
Եթէ չէք հաւատար վերոյիշեալներուն, վկայութեան պիտի կանչեմ մեր երեք լաւագոյն երգիծաբաններէն երկրորդը՝ Երուանդ Օտեանը, որ իր խօսքը ըսած է Նոր Տարուան մասին ասկէ 90 տարիներ առաջ, 14 Յունուար 1922ին. բայց եւ այնպէս, այդ խօսքը տակաւին կը մնայ միշտ այժմէական մինչեւ այսօր:
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Մի խաբուիր, միշտ նոյն հին տարին է եկածը, ա՛յն, որ դարերէ ի վեր կը տեւէ անայլայլ ու անփոփոխ:
Այն հին տարին, որուն մէջ ծնանք ու ապրեցանք ամէնքս ու ամէնէն առաջ ալ նախորդ սերունդները:
Այն տարին, ուր կը թեւակոխենք, կրնաք ապահով ըլլալ, թէ որեւէ տարբերութիւն պիտի չունենայ այն տարիէն, որմէ, իբր թէ, վերջնականապէս հեռացած ենք:
Նորէն մեծ ձուկերը պիտի շարունակեն պզտիկները կուլ տալ. նորէն տկարները յանուն Արդարութեան, Ազատութեան եւ Հաւասարութեան ոտնակոխ պիտի ըլլան, նորէն գեղեցիկ սկզբունքները տեղի պիտի տան նիւթապաշտ նկատառումներու առջեւ: Եւ աշխարհը պիտի շարունակէ քալել այնպէս, ինչպէս լարուած է դարերէ ի վեր:
Մարդիկ՝ եսամոլ, հեշտասէր ու նիւթապաշտ, պիտի ճառեն այլասիրութեան, առաքինութիւններու, աննիւթական բարձրութիւններու մասին ու պիտի ջանան ամէն միջոցներով փառքի ու հարստութեան տիրանալ՝ յագուրդ տալու իրենց ցանկութիւններուն:
Երկու հազար տարիներէ ի վեր, յորմէ յետէ մարդկութիւնը քաղաքակրթութեան շառաւիղներուն մէջ մտաւ, տարի չէ փոխուած:
«Սատանան կ՛իշխէ՛ այս աշխարհին», ըսած է առաքեալը, չարիքին գերիշխան տիրապետութիւնը ցոյց տալու համար:
Եւ հռոմէացի կայսեր մը խօսքը մինչեւ այսօր ճշմարտութիւն կը մնայ. «Կշտացուր բանակը, մնացածին խերը անիծէ՛»: Ու այս բանաձեւն է, որ զանազան կերպերով կը գործադրուի մինչեւ այսօր:
Մի՛ խաբուիք, Նոր Տարին չեկաւ տակաւին:
Պիտի գայ, անշուշտ, օր մը, ճշմարիտ Նոր Տարին, բայց ե՞րբ…:
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
Թէ ի՞նչ չարիք ու բարիք բերած է 2011ի Նոր Տարին ինծի ու ընտանիքիս, չարիքը՝ Մարտ ամսուան վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ, եւ 30 տարուան հաստատուած ու յաջողած անձնական գործս 3 ժամուան ընթացքին հրոյ ճարակ եղաւ հրդեհի մը պատճառաւ. ըսինք՝ Փառք Աստուծոյ, մարդկային կորուստ չունեցանք: Բարիքը՝ տարի մը եւս կեանք ունեցանք, ապրեցանք, տարի մը եւս վայելեցինք աշխարհի բարիքները, տարի մը եւս ողջ ու առողջ վայելեցինք մեր զաւակներուն ու թոռներուն ներկայութիւնը՝ միշտ փառք տալով Աստուծոյ:
Բայց եւ այնպէս, ապահով ըլլալու համար, Նոր Տարուան առիթով նախընտրելի է մեր լաւագոյն մաղթանքները ընել մեր հարազատներուն, մեր բարեկամներուն, մեր ընկերներուն, վերջապէս բոլոր աշխարհին ու մարդկութեան կորսնցնելիք բան չունինք, ապահով ըլլանք, մեր խիղճերը հանգիստ պահենք, ինչ կ՛ըլլայ, ինչ չ՛ըլլար:
Ամէն պարագայի, իմ ու ընտանիքիս կողմէ կը շնորհաւորեմ ձեր բոլորին Նոր Տարին ու կը մաղթեմ, որ Նոր Տարին բերէ խաղաղութիւն ու բարիքներ բոլոր աշխարհին, առանց մոռնալու անշուշտ մեր հայրենիքն ու համայն հայութիւնը: