
ԳԱՀԻՐԷ, «Արմաւենի». – Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան հովուական այցով եղաւ Եթովպիա, Յունուար 7էն 14 ժամանակահատուածին:
«Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ս. Ծննդեան առթիւ կ՛այցելեմ Եթովպիոյ հայութիւնը՝ տեղի հայ համայնքի վարչութեան հրաւէրին ընդառաջելով», ըսած է արբազան հայրը:
Կիրակի 8 Յունուարին, սրբազան հայրը սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, որուն հետեւած է տնօրհնէքի արարողութիւն:
Առաջնորդը նաեւ այցելած է տեղի հայ ընտանիքներուն՝ շուրջ 100 հոգի: Կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ազգային գերեզմանատան մատուռին մէջ: