ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Հինգ հայ մարզիկներ արդէն ձեռք բերած են Լոնտոնի մէջ 2012ին կայանալիք Ամառնային Ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան իրաւունքը։ Այս մասին հաղորդած են հանրապետութեան Ազգային ողիմպիական կոմիտէի (ԱՕԿ) մամուլի ծառայութենէն:
Ամառնային Ողիմպիական-2012ը պիտի կայանայ Յուլիս 27-Օգոստոս 12 Լոնտոնի մէջ:
«Այսօրուայ դրութեամբ Հայաստանը կը ներկայացնեն Նորայր Բախտամեանը (հրաձգութիւն), Անդրանիկ Յակոբեանը (բռնցքամարտ), Արսէն æուլֆալակեանը (յունահռոմէական ըմբշամարտ), Միհրան æաբուրեանը (ազատ ըմբշամարտ), Արթուր Դաւթեանը (մարմնամարզութիւն)», տեղեկացուցած է գործակալութեան զրուցակիցը:
Ըստ անոր, այդ մարզիկները Ողիմպիականի մեկնելու իրաւունքը ձեռք բերած են շարք մը միջազգային մրցախաղերու եւ համաշխարհային առաջնութիւններու յաջող մասնակցութեան ապահովման շնորհիւ: Ան նշած է, որ Ողիմպիականին մասնակցելիք հայկական պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ 11 հոգիէ: Իրենց տոմսը ապահովածներուն կողքին այս մրցումին մասնակցելիք թեկնածուներուն անունները յստակ չեն տակաւին։