
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պարարուեստի միութեան նախագահ Կարէն Գէորգեան Դեկտեմբեր 24ին Հայաստանի ազգային պարարուեստի եւ պարագէտներու միութեան համագումարը բացաւ՝ նշելով, թէ հին դարերուն, երբ տարբեր ցեղերու ներկայացուցիչներ կը հանդիպէին իրարու, նախքան իրարու անուններ իմանալը, կը հարցնէին՝ «Ի՞նչ պարեր կը պարէք»։ Ըստ Գէորգեանի, պարը նման է անձնագիրի, որ կը հաստատէ ազգին ինքնութիւնը:
Գէորգեան նշեց, որ Հայաստանի ազգային պարարուեստի եւ պարագէտներու միութիւնը, ինքնութեան այս «անձնագիրը» պահելու համար, մշակած է նոր՝ 2012ի ռազմավարութիւն մը, որուն կէտերէն մէկը ազգային պարերը՝ Քոչարին, Վասպուրականի «Բերդ»ը եւ այլ պարեր, օտար մշակոյթներու ոտնձգութիւններէն հեռու պահելն է, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային պարարաուեստի կեդրոն ստեղծելը:
Նշենք նաեւ, որ պարարուեստի եւ պարագէտներու միութիւնը այսօր արդէն իսկ կը միաւորէ 120 պարային խումբ: Անիկա նաեւ իր ներկայացուցչութիւնները ունի բոլոր մարզերուն մէջ:
«Պարը պէտք է վերադարձուի ժողովրդին՝ իր տիրոջը, որովհետեւ ազգային պարը մէկ մարդու սեփականութիւն չի կարող լինել. այն պատկանում է միայն այդ ժողովրդին: 2012ին մեր միութիւնը նախատեսում է աւելի մասսայականացնել ժողովրդական պարերը», ըսած է Կարէն Գէորգեան: