ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 26ին կայացած «Ամանորը հոգեւոր, կենցաղային եւ աւանդական հիմքով» թեմայով ասուլիսին ընթացքին, Յակոբ քահանայ Խաչատրեան յայտնեց, թէ «Ամանորը կրօնական զգացմունքների արտայայտումներից մէկն է, մենք քրիստոնեայ լինելով՝ նշում ենք Ամանորը, որը աւանդաբար շարունակւում է եւ տօնւում», ըսաւ քահանան, ըստ որուն, Ամանորը հեթանոսական տօն է. «Մեր կեանքի կարեւոր կանգառներից մէկը Սուրբ Ծնունդն է: Քրիստոսի աստղի ուղղորդութեամբ է շարունակւում մեր կեանքը», ընդգծեց քահանան։
Բանաստեղծուհի Սոնիա Թաշճեան, իր հերթին նշեց, որ Նոր Տարին ուրախութիւն կը պատճառէ բոլորին։ «Հին ժամանակներուն մարդիկ կը մոռնային նախորդ տարուան խռովութիւններն ու անհաշտութիւնները, տարին կը սկսէին նոր, ուրախ տրամադրութեամբ, եւ բնաւ կարեւոր չէր սեղանի առատութիւնն ու ճոխութիւնը: Երանքը, որ գրեթէ բոլոր հայկական ընտանիքներուն մէջ սովորութիւն դարձած է, հայկական չէ: Հնդկահաւն ու ձուկը աւելի կը յարմարին մեր ամանորեայ սեղանին», յայտնեց ան:
Ազգագրագէտ Գոհար Ստեփանեան, ասուլիսի աւարտին աւելցուց. «Եկէ՛ք առօրեայ կեանքում ժուժկալ լինենք, բայց տօնական օրերին ստեղծենք տօնական մթնոլորտ: Ամանորի հետ կապուած ճոխ սեղանների մրցավազք կայ, բայց աւանդականի ձգտումը թող համեստ առատութիւնը լինի, եւ ոչ թէ պարտքերն ու հոգսերը»: