
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յետխորհրդային տարածքին վրայ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը միակն է, զոր կարելի է այժմ կարգաւորել. այսպէս յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, ատրպեճանական «Az TV»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին: «Միայն մէկ ճամբայ կայ՝ պէտք է համաձայնիլ, քանի որ համաձայնութեանց այլընտրանքներ գոյութիւն չունին: Այլընտրանքը վատ է՝ պատերազմը», ըսած է ան եւ աւելցուցած է, թէ վերջին քանի մը տարիներուն յատկանշական աշխատանք տարուած է, որպէսզի մօտեցուին հակամարտ կողմերու դիրքորոշումները:
«Համաձայնութիւն ձեռք բերելու ներուժ, անկասկա՛ծ կայ: Իմ տեսանկիւնով, անիկա կրնայ տեղի ունենալ, քանի որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը յետխորհրդային տարածքին վրայ միակն է, զոր կարելի է ներկայ դրութեամբ կարգաւորել: Ամէն ինչ կախուած է կողմերու բարի կամքէն, անոնց հնարաւորութիւններէն ու ցանկութենէն: Ես ալ կ՛ընդունիմ, թէ տրուելիքները դիւրին որոշումներ չեն», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը, որ շեշտած է, թէ համաձայնութիւնը միայն փոխզիջումի հիման վրայ պիտի ըլլայ:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ յաջորդ տարի Ռուսիա պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման ուղղութեամբ աշխոյժ ջանքեր գործադրել։ «Ճգնաժամերու եւ հակամարտութիւններու կանխարգիլման ու կարգաւորման աջակցիլը, ըստ աւանդութեան, մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է։ Քորէայի թերակղզիի, Միջին Արեւելքի, Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մէջ իրավիճակը մեր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ։ Մտադիր ենք շարունակել աշխոյժ ջանքեր գործադրելը՝ ԱՊՀի տարածքին վրայ հակամարտութիւններու, առաջին հերթին՝ ղարաբաղեան եւ մերձտնեսթրեան հակամարտութիւններու, կարգաւորման ուղղութեամբ», նշած է ան։