Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9ի երեկոյեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ներկայ գտնուեցաւ «Լարք» երաժշտանոցի տարեկան ձեռնարկին: Սոյն երաժշտանոցին մէջ աւելի քան 200 պատանի եւ երիտասարդ արուեստագէտներ երաժշտութիւն կ՛ուսանին եւ կը մասնագիտանան տարբեր մարզերու մէջ, առաջնորդութեամբ «Լարք»ի տնօրէն Վաչէ Պարսումեանի:
Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ «Հրաշքի տուն» կոչեց «Լարք» երաժշտանոցը եւ ըսաւ. «Թող Աստուած անսասան պահէ «Հրաշքի Տուն»ը, քանզի Լոս Անճելըսի հայութեան կեանքին մէջ սա այն հիմնարկն է, ուր կը վերածնին մեր պատանիները՝ նոր տեսիլքով»: