ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- ԼՂՀ հասարակական ապահովութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով, 2008ին մեկնարկած ամուսնութեան նպաստի (300 հազար դրամ) ծրագիրը պիտի շարունակուի նաեւ 2012ին, իսկ այդ ծրագիրի դադրելու մասին լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան։
Ստեփանակերտի մէջ այս տարուան ընթացքին կնքուած է 383 ամուսնութիւն, իսկ ընթացիկ Դեկտեմբերին՝ 28 ամուսնութիւն: