ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Էրթուղրուլ Քիւրքճիւ քաղաքaական նոր փոթորիկ մը ստեղծեց Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին, երբ Կիպրոս հաստատուած թուրք զինուորը «բռնագրաւող» որակեց։ Քիւրքճիւ այս կերպով կը հանդիսանայ հաւանաբար առաջին թուրք երեսփոխանը, որ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ թրքական բանակին գործողութիւնը բռնագրաւում կը նկատէ։
«Հիմա չենք գիտեր, թէ այս զինուորը ինչպէ՞ս ետ պիտի քաշենք: Կիպրոսի ժողովուրդը դէմ է այս զինուորներուն», աւելցուցած է Քիւրքճիւ։
Քիւրքճիւի յայտարրութեան մասին Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ ըսաւ. «Ես անիմաստ գործով զբաղիլ կը նկատեմ հիմա պատասխանել անոնց, որոնք մեր սեփական խորհրդարանին մէջ թուրք զինուորին «բռնագրաւող» կ՛ըսեն։ Մեր ժողովուրդն է, որ անոնց պատասխան պիտի տայ, երբ պիտի երթայ սնտուկին գլուխը»։