
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Աշնանային զօրակոչի ընթացքին եւ իրականացուող աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Դեկտեմբեր 13ին այցելած է հանրապետական կեդրոնական հաւաքակայան եւ զրուցած է զօրակոչիկներու հետ, հետաքրքրուած անոնց առողջական վիճակով ու կրթութեամբ, եւ անոնց մաղթած բարի ծառայութիւն:
Այնուհետեւ պաշտպանութեան նախարարը զրուցած է նաեւ Ազգային բանակ զօրակոչուող երիտասարդներու ծնողներուն հետ եւ պատասխանած անոնց հարցումներուն: Սէյրան Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնած է զօրակոչիկներու ծնողներուն՝ հայրենիքի պաշտպաններ դաստիարակելու համար: