ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ խորհրդարանին մէջ Դեկտեմբեր 9ին կայացած խորհրդաժողովին ընթացքին, անդրադառնալով ԼՂՀ հիմնախնդիրի բանակցային եւ միջազգային ճանաչման գործընթացներուն եւ յատկապէս կրկնակի հանրաքուէի իրականացման թեզին, որ առաջարկուած է միջնորդներու կողմէ՝ Մատրիտեան սկզբունքներուն միջոցով, ԼՂՀ ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վ. Աթանէսեան նշեց, որ ԼՂՀ քաղաքական ուժերուն կողմէ 2008ին ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է Արցախի քաղաքական ուժերու յստակ վերաբերմունքը Մատրիտեան սկզբունքներուն նկատմամբ, ուր նշուած է, թէ անիկա չ՛արտացոլեր բանակացային գործընթացին նկատմամբ ԼՂՀ քաղաքական ուժերուն շահագրգռուածութիւնը:
«Այս դիւանագիտական ձեւակերպման տակ մենք հասկանում ենք, որ կրկնակի հանրաքուէի անցկացումը, որ առաջարակում են միջնորդները, ԼՂՀ քաղաքական ուժերի համար անընդունելի են. այդ յայտարարութիւնը նաեւ համաձայնեցուած է եղել Արցախի արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերի հետ, եւ կարող ենք ասել, որ դա արտացոլում է ԼՂՀ քաղաքական ուժերի ամփոփ տեսակէտը, ինչը լիովին համապատասխանում է գործադիր իշխանութեան վերաբերմունքին, որը դրսեւորւում է ԼՂՀ նախագահի կողմից՝ միջնորդների հետ հանդիպումներում հնչեցուած տեսակէտներում», ըսած է Աթանէսեան:
Ըստ անոր, «բանակցային գործընթացը չպէտք է կանխորոշի ԼՂՀ միջազգային ճանաչուածութիւնը. մեր պետութիւնը այսօր ակտիւ արտաքին քաղաքականութիւն է ծաւալում հասնելու ԼՂՀ փաստացի անկախութեան միջազգային ճանաչմանը, սա ամենալուրջ մեխանիզմն է, որը ապահովուում է քաղաքական աջակցութեամբ»: