
– Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ապահովական ուժերը «Քայիտա»ի 11 անդամներ ձերբակալած են՝ առաջքը առնելով Թուրքիոյ խորհրդարանի շէնքը եւ Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը պայթեցնելու գործողութեանց: Կը հաղորդուի, որ ահաբեկիչները կը պատրաստուէին յարձակումներ գործելու նաեւ եկեղեցիներու դէմ։
– Դեկտեմբեր 9ին առնուազն 88 հոգի զոհ գացած է Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ ծագած հսկայ հրդեհին:
– Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի ապաքինման շրջանի երկարաձգումը կասկածներ յառաջացուցած է անոր առողջական վիճակին մասին։ Կարգ մը աղբիւրներ գրած են, թէ Էրտողան քաղցկեղէ կը տառապի: Դեկտեմբեր 8ին, թուրք յայտնի բժիշկ մը յայտարարեց, թէ վարչապետը աղիքային գործողութեան ենթարկուած է ու անոր հաստ աղիքէն կտրուած է 20-25 սանթիմեթր հատուած մը, ուր ոչ քաղցկեղային ուռեցքներ կային։