ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին եւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նախագահին յղեց բողոքագիր մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Իրանի դէմ գրգռիչ եւ գաղտնի արարքներ գործելու յանցանքուվ, նշելով, որ ամերիկեան ուժերուն կողմէ իրանեան օդային տարածքին խախտում մը տեղի ունեցած է: Նամակին մէջ «անարդարանալի ոտնձգութիւն» կ՛որակուի զգետնուած ամերիկեան լրտեսական օդանաւին գործողութիւնը եւ կը նշուի, թէ տեղի ունեցածը միջազգային օրէնքներու յստակ խախտում մըն է։ Թեհրան ՄԱԿէն կը պահանջէ դատապարտել այս արարքը, եւ նման արարքներու վերջ տալու համար՝ յստակ միջոցառումներ որդեգրել։
Իրան Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին ցուցադրեց վառ առնուած ամերիկեան անօդաչու օդանաւը: Իրանեան կողմը արդէն իսկ յայտարարած է, թէ մտադիր է օգտագործել այդ սարքին ճարտարագիտութիւնը: Ռուս եւ չինացի մասնագէտներ եւս հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են սարքին նկատմամբ:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Իրան ուղարկած է մասնայատուկ ուժերու գաղտնի խումբ մը, որուն պարտականութիւնն է գտնել եւ գրաւել կամ ամբողջութեամբ ոչնչացնել ռատարներէ անտեսանելի սարքը: