ՓԱՐԻԶ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 7ին Մարսէյի մէջ քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի ողջոյնի խօսքով մեկնարկեց Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) քոնկրեսը, որուն յատուկ հիւրի կարգավիճակով կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Երէկուան ժողովին, զեկոյցներով հանդէս եկան նաեւ ԵԺԿ նախագահ Վիլֆրիտ Մարթինս, ԵԺԿ գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Լոփէս-Իսդուրից եւ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ ԵԺԿ խումբի առաջնորդ Ժոզէֆ Տոլ: Յատկանշական է, որ Վիլֆրիտ Մարթինս իր ելոյթին ընթացքին՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը հրաւիրեց՝ վաղը կայանալիք Եւրոպական երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովին մասնակցելու:
«Այսօրուընէ Դուք Ձեզի կրնաք համարել Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան մեծ ընտանիքի անդամ», դիմելով Հայաստանի նախագահին յայտարարեց Վիլֆրետ Մարթենս եւ ելոյթէն ետք հանդիսաւոր կերպով Հայաստանի նախագահին փոխանցեց գագաթաժողովին մասնակցելու հրաւէրը:
Զեկոյցներուն յաջորդեց պատուիրակներու քննարկումը՝ «Առաջ մղելով Եւրոպան» վերտառութեամբ փաստաթուղթը: Նախատեսուած են այս առթիւ երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու յայտարարութիւններ:
Նշենք, որ Քոնկրեսի նախաձեռնողներն են ԵԺԿ եւ Ֆրանսայի մէջ իշխող «Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժման» կուսակցութիւնը: Անոր կը մասնակցին ԵԺԿին անդամակցող կուսակցութիւններու առաջնորդներ, ինչպէս՝ Նիքոլա Սարքոզի, Անկելա Մերկէլ, Տոնալտ Դուսգ եւ այլն: Մարսէյի մէջ են նաեւ Սպանիոյ նորընտիր վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ, եւ Իտալիոյ արդէն նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի: Արեւելեան գործընկերութեան մէջ ընդգրկուած երկիրներու ղեկավարներէն Մարսէյ կը գտնուին նաեւ Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Սաակաշվիլի եւ Մոլտովայի նախագահի ԺՊ, վարչապետ Վլատ Ֆիլադ: