ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երիտասարդ պատմաբան մը, Քալիֆորնիոյ համալսարաններու Տէյվիսի մասնաճիւղի մէջ դասաւանդող Քէյթ Տէյվիտ Ուաթընփաու, իր պարկեշտ գիտական մօտեցումին պատճառով թիրախ դարձած է թուրք ամերիկացիներու ընկերակցութեան յարձակումներուն:
«Եու.Սի.Էլ.Էյ.»էն իր տոքթորական վկայականը ստացած պատմաբանը, որ ժամանակակից իսլամ եւ մարդկային իրաւունքներ կը դասաւանդէ Տէյվիսի համալսարանին մէջ, յանդգնած էր իր մէկ յօդուածին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչել:
Արդարեւ, մարդասիրական միջազգային օժանդակութեանց պատմութիւնը ուսումնասիրելու ընթացքին, Ուաթընփաու յայտնաբերած է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու օժանդակութեան տարողութիւնը, իր տեսակին մէջ առաջինն է:
Ուաթընփաու առաջադրած է այն վարկածը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն համար կազմակերպուած միջազգային օժանդակութիւնը փոխած է հանրային վերաբերմունքը ցոյց տալով, որ մարդկային տառապանքը անխուսափելի չէ, այլ պէտք է անոր առաջքը առնել: Թուրք ամերիկացիներու ընկերակցութիւնը Ուաթընփաուին կ՛ուզէ պարտադրել, որ փոխէ «Հայկական Ցեղասպանութիւն» բանաձեւումը:
Ուաթընփաու, ընդհակառակը, պարբերաթերթին ուղղուած նամակով, քննադատած է թուրք ամերիկացիներու ընկերակցութիւնը, որ Հայկական Ցեղապանութիւնը ուրացող թրքական կառավարութեան վարքագիծը կը ջատագովէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Խեղաթիւրելով Ուաթընփաուի բառերը, թուրք ամերիկացիներու ընկերակցութիւնը ինքզինք վիրաւորուած ցոյց կու տայ, առարկելով, որ պատմաբանը այդ ընկերակցութեան անդամները կը զրպարտէ իբրեւ թրքական կառավարութեան համար աշխատող գործակալներ:
Ուաթընփաու թուրք ամերիկացիներու կողմէ իր դէմ սանձազերծուած արշաւը կը բնութագրէ իբրեւ իր ակադեմական ազատութեան վրայ բռնացող քայլ եւ ըստ այդմ կը մերժէ տեղի տալ՝ ամուր մնալով իր պարկեշտ պատմաբանի դիրքերուն վրայ:
Ինչպէս կարելի է չյարգել նման մասնագէտ մը: