
ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Հայաստանի Ազգային Ժողովի նիստին, ՀՅԴ պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան քննարկման ներկայացուց ՀՅԴ խմբակցութեան կողմէ «ՀՀ Կառավարութեան պատասխանատուութեան մասին» հարցապնդումը: Ելոյթներէն ետք որոշում կայացուեցաւ հարցապնդումը քուէարկութեան դնել վաղը:
«Մեր կառավարութիւնը չունի առագաստանաւ, հետեւաբար չգիտի, թէ որ ճանապարհով է գնում, կառավարութիւնն իր գործողութիւններում չունի յստակութիւն, թէ ինչից է մեզ պաշտպանում, եւ ուր է մեզ տանում», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան, որու համոզումով,այսօր արդէն ակնյայտ հակասութիւններ կան 2008ի կառավարութեան կողմէ ԱԺի հաւանութեան արժանացած ծրագիրի, կառավարութեան ոչ ատակ գործողութիւններուն եւ չորս տարի անց արձանագրած արդիւնքներուն միջեւ:
«Մենք գործ ունենք կառավարութեան կողմից Սահմանադրական պահանջները չկատարելու կամ անտեսելու հետ: Կառավարութիւնը պարտաւոր էր իրականացնել այդ ծրագիրը, եթէ ոչ, ուրեմն պէտք է վայր դնի իր լիազօրութիւնները», յայտարարեց դաշնակցական պատգամաւորը:
Ռուստամեան մէջբերելով Սահմանադրութիւնը՝ նշեց, որ ան չի նախատեսեր ծրագիրը չկատարելու եւ փոփոխութեան չենթարկելու տարբերակ:
«Մենք առաջարկում ենք ԱԺ մեծամասնութեանը, եկէք դիմենք Սահմանադրական դատարան, որպէսզի դատարանը մեկնաբանի այս հարցը: Ուստի դատարան դիմելու համար օգնէք մեզ հաւաքենք 27 պատգամաւորների ստորագրութիւնները: Բոլոր հիմքերը կան պնդելու, որ կառավարութիւնը՝ ԱԺ օժանդակութեամբ, չի կատարում իր սահմանադրական պարտաւորութիւնները: Առաջարկում ենք Հայաստանի նախագահին քննարկել կառավարութեանը անվստահութիւն յայտնելու հարցը», յայտարարեց Ռուստամեան: