
ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Մետիամաքս».- Իսրայէլի մէջ լոյս պիտի տեսնէ Լոնտոնի «Կոմիտաս» ուսումնարանի տնօրէն, պատմաբան Արա Սարաֆեանի՝ «Թալէաթ Փաշայի Զեկոյցը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, 1917» աշխատութիւնը՝ եբրայերէն թարգմանութեամբ:
Աշխատութիւնը լոյս պիտի տեսնէ 1000 օրինակէ աւելի տպաքանակով եւ պիտի տարածուի երկիրի համալսարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Քնեսեթին մէջ:
Սոյն աշխատութեան թարգմանութիւնը հրեայ ժողովուրդին մէջ պիտի բարձրացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան մակարդակը: