ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իբրեւ 2011ի Գործողութիւններու ծրագիրի երկրորդ յատկացում, Եւրոպական յանձնաժողովը Նոյեմբեր 28ին հաստատած է Հայաստանի ելեւմտական համակարգի կառավարման բարելաւման ուղղուած ծրագիրը, որ կը նախատեսէ տրամադրել 24 միլիոն եուրօ, որ պիտի նպաստէ հանրային հատուածի թափանցիկութեան բարելաւման ու ելեկտրոնային կառավարման համակարգի ընդլայնման, ինչպէս նաեւ պիտի օժանդակէ Հայաստան եւ ԵՄ առեւտրային չափանիշներու համապատասխանեցման:
Ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով ԵՄ յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի համաձայն, որոշումը ցոյց կու տայ ԵՄի յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի քաղաքական աջակցութիւն եւ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերելու գծով, մասնաւորապէս ճարտարագիտական աջակցութեան եւ նորարարութեան ոլորտներուն մէջ:
«Անցեալ տարիներուն, ԵՄ նշանակալիօրէն աւելցուցած է իր օժանդակութիւնը Հայաստանին, որ կը վկայէ Եւրոպական յանձնաժողովի յանձնառութեան մասին՝ այդ երկրին մէջ ընթացող բարեփոխումներուն օժանդակելու գծով», ըսած է Ֆիւլէ եւ ընդգծած, որ ԵՄի տրամադրած օգնութիւնը պիտի ազդէ Հայաստանի քաղաքացիներու առօրեայ կեանքին վրայ՝ նպաստելով հանրային տեղեկատուութենէ անոնց օգտուելու հնարաւորութեան զարգացման: