
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23ին, տասնեակ հազարաւոր եգիպտացիներ շարունակեցին Թահրիր հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց կատարել, հակառակ Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի այն խոստումին, թէ ակնկալուածէն աւելի կանուխ պիտի հեռանայ իշխանութենէն: Իշխանութենէն բանակին անմիջական հեռացումը պահանջող ցուցարարներու եւ ապահովական ուժերու միջեւ բախումները եւս 5րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան, մինչ Միացեալ Նահանգներն ու ՄԱԿը կոչ ըրին Գահիրէի իշխանութեանց, որ դադրեցնեն ցուցարարներու վրայ յարձակումները:
Միւս կողմէ, Գահիրէի մէջ ձերբակալուած են ամերիկացի երեք ուսանողներ, Ամերիկեան համալսարանի շէնքի տանիքէն ոստիկաններու վրայ «քոքթել մոլոթով»ներ նետելնուն համար։ Գահիրէի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը այս հարցով Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւն կանչուած էր։