ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան, «Հայփոստ»ի, ԵՈՒՆԵՍՔՕի եւ Ելեկտրա-հաղորդակցութեան միջազգային միութեան ջանքերով, Երեւանի մէջ բացուեցաւ կոյրերու համար համացանցային կեդրոն մը, որ առաջին է ամբողջ ԱՊՀ տարածքին։ ՀՀ փոխադրամիջոցի եւ կապի նախարար Մանուկ Վարդանեանի խօսքով, սոյն կեդրոնը նպատակ ունի ընդլայնել սահմանափակ կարողութիւններով մարդոց կենսագործունէութեան հնարաւորութիւնները:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու եւ կրթական խնդիրներու ուսումնարանի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Հաոլին Զաոյի խօսքով, Հայաստան այն առաջնակարգ պետութիւններէն է, որոնք կը փորձեն ապահովել ու բարելաւել սահմանափակ հնարաւորութիւններով մարդոց կեանքը:
«Ինթըրնեթ հանրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան փոխնախագահ Գրիգոր Սաղեան ըսաւ, որ կեդրոնը պիտի գործէ աշխատանքային օրերուն եւ անվճար հիմունքներով։